image
Հրատապ լուրեր:

Իւրաքանչիւրը պիտի իր տեղում լինի. Մխիթար Զաքարեան հրաժարած է պատգամաւորի իր լիազօրութիւններէն

Իւրաքանչիւրը պիտի իր տեղում լինի. Մխիթար Զաքարեան հրաժարած է պատգամաւորի իր լիազօրութիւններէն

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, «Վերածնվող Հայաստան» կուսակցութեան վարչութեան անդամ Մխիթար Զաքարեան հրաժարած է պատգամաւորական մանթատէն։ Զաքարեան դիմատետրեան իր էջին գրառում կատարած է` յայտնելով որոշման մասին։

«Ես՝ որպէս ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, որոշում եմ կայացրել դադարեցնել պատգամաւորական գործունէութիւնս՝ հայրենիքիս առաւել արդիւնաւետ ծառայելու վճռականութեամբ։ Միաժամանակ ուզում եմ յայտնել, որ շարունակելու եմ քաղաքական գործունէութիւնս «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան շարքերում՝ անելով հնարաւորութիւններիս սահմաններում առաւելագոյնը՝ ի նպաստ մեր առաջ ծառացած խնդիրների լուծման»,–ըսուած է գրառման մէջ։

Զաքարեանի խօսքով` Հայաստանն ու Արցախը այսօր լուրջ մարտահրաւէրներու առաջ կանգնած են, վտանգուած է նաեւ Հայաստանի անվտանգութիւնը․ թշնամիի զինուած ուժերը կը շարունակեն մնալ մեր ինքնիշխան տարածքին մէջ։ Ուստի, ըստ անոր, այդ հարցերը արդիւնաւէտ ու վերջնականապէս լուծելու համար իւրաքանչիւրը պիտի իր տեղը ըլլայ։

Յիշեցնենք, որ Զաքարեան 2021-ի 20 յունիսէն ԱԺ պատգամաւոր ընտրուած է «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի համապետական ընտրական ցուցակով: Իսկ մինչ այդ` 2016-2021 թուականներուն Մեղրիի քաղաքապետի պաշտօնը կը զբաղցնէր։