«Պաղեստինի համար հազար երիտասարդ» շարժումը ցոյց կատարած է Իսթանպուլի մէջ Ատրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութեան գրասենեակի առջեւ՝ բողոք արտայայտելով, որ ընկերութիւնը նաւթ կը մատակարարէ Իսրայէլին։ Երկու օր անց ձերբակալուած է ցոյցի 13 մասնակից։
SOCAR-ը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ պնդելով, որ գրասենեակի վրայ յարձակում կազմակերպած խումբը կը վայելէ Իրանի աջակցութիւնը։
Նշուած է, թէ SOCAR-ը նաւթ չի վաճառեր Իսրայէլին․ համաշխարհային նաւթային շուկայի բոլոր ընկերութիւնները կը վաճառեն իրենց արտադրանքը առեւտրականներուն եւ չեն կրնար վերահսկել, թէ առեւտրականները որու կը վաճառեն նաւթը։