image

Իսրայէլի մէջ գերեզմանափո՞ս. Ալլա Փուկաչովան ծիծաղով դիմաւորած է բամբասանքները

Իսրայէլի մէջ գերեզմանափո՞ս. Ալլա  Փուկաչովան  ծիծաղով դիմաւորած է բամբասանքները

Երգչուհի Ալլա Փուկաչովան արձագանգած է լուրերուն, թէ տարածք գնած է Իսրայէլի գերեզմանատուներէն մէկուն մէջ: Այդ լուրերը ծիծաղեցուցած են փրիմատոննային, յայտնած են աստղին մօտ կանգնած աղբիւրները:

«Տարիներ առաջ այդ թեման արդէն իսկ լայնօրէն քննարկուած է ու որեւէ ապացոյց չէ գտած: Ալլա Պորիսովնան միայն ծիծաղած է: Ան չէ հաստատած այդպիսի գնում կատարելու լուրը: Ան տարածք ունի Քուզմինսքի գերեզմանատան մէջ, ուր յուղարկաւորուած են անոր մայրը` Զինաիտա Արխիփովանան եւ եղբայրը` Եւկենին: Այդ ընտանեկան գերեզմանատուն է», յայտնած է «Մոսքովսքի Քոմսոմոլեց»ի աղբիւրը: Փուկաչովայի մտերիմիպ խօսքով` ան գերեզմանատներու` էլիտար ըլլալու մասին չի մտածեր:

«Ալլա Պորիսովանան չի սիրեր մահուան եւ հնարաւոր յուղարկաւորութեան պատրաստութեան վերաբերեալ խօսակցութիւնները: Ան կ'ապրի լիարժէք կեանքով եւ քիչ կը մտահոգուի հնարաւոր մահուան վերաբերեալ հարցերով», յայտնած է աղբիւրը: