image

Իսրայէլ դժուարութիւն ունեցած է վար առնելու «Հըզպալլա»ի դէպի «Քարիշ» ուղարկած ԱԹՍ-ները

Իսրայէլ դժուարութիւն  ունեցած է  վար  առնելու «Հըզպալլա»ի  դէպի  «Քարիշ»  ուղարկած ԱԹՍ-ները

«Հըզպալլա»ի կողմէ հարթակի ուղղութեամբ արձակուած անօդաչու սարքերը նպատակ ունին Իսրայէլին ուղերձ յղել՝ «պէտք է արձագանգել մեր պահանջներուն»:

 

Իսրայէլեան Walla կայքը կը նշէ, որ «օդային ուժերը դժուարութեամբ խոցած են «Հըզպալլա»ի անօդաչու թռչող սարքը, որ արձակուած է «Քարիշ» հարթակի ուղղութեամբ, նշելով որ «կործանիչները նոյնիսկ չեն նկատած, որ մէկ այլ անօդաչու թռչող սարք արձակուած է դէպի հարթակէ, եւ այդ խոցուած է «Պարաք» հրթիռով, ռազմական նաւատորմէ:

Կայքը կը նշէ, որ «իսրայէլեան բանակը կը պարծենայ խափանելով «Հըզպալլա»ին պատկանող 3 անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք ճանապարհին էին դէպի «Քարիշ» կազային հարթակ, սակայն նախնական հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ բանակը դժուարացած է հետեւելու երկրորդ անօդաչուին եւ հրթիռ արձակելու անոր ուղղութեամբ: Նոյնպէս «օդաչուները դժուարութեամբ յայտնաբերած են երրորդ անօդաչու թռչող սարքը, քանի որ այն կը թռչէր ցած բարձրութեան վրայ»:

Շաբաթ օր Լիբանանի մէջ Իսլամական դիմադրութիւնը յայտարարեց 3 անզէն անօդաչու սարքեր արձակելու մասին Քարիշի դաշտին մէջ «վիճելի տարածքի» ուղղութեամբ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցները կ'արտացոլեն իսրայէլեան վախը Քարիշի դաշտին մէջ «Հըզպալլա»ի յետագայ յարձակումներէն, իսկ իսրայէլեան Walla կայքը կը նշէ, որ «Հըզպալլա»ի կողմէ հարթակի ուղղութեամբ արձակուած անօդաչու սարքերը նպատակ ունին Իսրայէլին ուղերձ յղել՝ «պէտք է արձագանգել մեր պահանջներուն»: Ան միաժամանակ ընդգծած է, որ «Իսրայէլ մտադիր չէ սրելու իրավիճակը «Հըզպալլա»ի հետ»:

««Հըզպալլա»ն ի վիճակի է միաժամանակ հարիւրաւոր անօդաչու թռչող սարքերով հարուածելու Իսրայէլի ռազմավարական թիրախները», ըսած է իսրայէլեան պահեստազօրի սպայ Ամիր Աւիւին` յաւելելով, որ «վերջին տասնամեակին «Հըզպալլա»ն իր սպառազինութիւնը 50-էն հասցուցած է աւելի քան 2000-ի: 

 

Լուրը ՝«Ալ Մայատին»էն