Սէուտական Արաբիոյ առողջապահութեան նախարար Ֆահտ պըն Ապտել Ռահման ալ-Ճալաճելը յայտնած է, որ իսլամներու՝ դէպի Մաքքէ ուխտագնացութեան (հաճ) ժամանակ մահացած հաւատացեալներու թիւը 1,000-էն հասած է 1,301-ի։
Անոնց 83%-ը համապատասխան վիզա չէ ունեցած, ուստի ստիպուած եղած է երկար ճանապարհներ անցնիլ առանց արեւէն պատսպարուելու, ինչն ալ յանգեցուցած է հիւծուածութեան եւ մահուան: Մահացածները թաղուած են Մաքքէի մէջ։
Մահացածներու ինքնութիւնը պարզելու գործընթացը ձգձգուած է, քանի որ շատերը իրենց հետ փաստաթուղթեր չեն ունեցած։
Մահացածներու շարքին եղած է 660 եգիպտացի։ Անոնցմէ միայն 31-ն ունէր Սէուտական Արաբիոյ շէջ գտնուելու իրաւունք։ Եգիպտոսը չեղեալ յայտարարած է 16 զբօսաշրջային գործակալութեան արտօնագրերը, որոնք օգնած են ուխտաւորներուն առանց թոյլտւութեան մեկնիլ Սէուտական Արաբիա։
Զոհուածներու շարքին եղած է 165 մարդ Ինտոնեզիայէպ, 98-ը՝ Հնդկաստանէն եւ տասնեակները՝ Յորդանանէն, Թունիսէն, Մարոքոյէն, Ալճերիայէն, Մալիզիայէն, ըստ Associated Press-ի:
Շատ պարագաներու մահերը գրանցուած են ֆիզիքական ուժասպառութեան եւ ջրազրկման հետեւանքով, որ իր հերթին պայմանաւորուած եղած է ծայրայեղ շոգով: Նշուած է, որ «հաճ»ի օրերուն Սէուտական Արաբիոյ մէջ ցերեկը ջերմաստիճանը տատանած է +46°C-էմ +49°C-ի սահմանին։
«Հաճ»ը իսլամներու ամենամեայ ուխտագնացութիւն է դէպի Մաքքէ: Սէուտական Արաբիոյ մէջ այն սկսած է յունիս 14-ին եւ շարունակուած ինչեւ յունիս 19-ը։ «Հաճ»ին այս տարի մասնակցած է 1,8 միլիոն մարդ։