image

Իշխան Սաղաթէլեան գործադուլ եւ դասադուլ սկսելու կոչ ըրաւ

Իշխան Սաղաթէլեան գործադուլ եւ դասադուլ սկսելու կոչ ըրաւ

Այս պահէն սկսեալ Ֆրանսայի հրապարակը ժողովուրդինն է, այս պահէն սկսեալ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը ժողովուրդն է։ Այսօր՝ 1 Մայիսին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ մեծ հանրահաւաքին ըսաւ «Դիմադրութիւն» շարժման համակարգող, ԱԺ-ի փոխխօսնակ՝ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Այսօր մենք անցկացնելու ենք այս հրապարակում, քիչ յետոյ կը տեղադրենք վրաններ,  եւ համապատասխան միջոցներ, որպէսզի գիշերը կարողանանք այստեղ անցկացնել։ Վաղը ժամը 08։30–ից սկսած մենք սկսում ենք մաշտապային անհնազանդութեան բողոքի գործողութիւններ։ Վաղը 08։30–ից սկսում ենք սրանց իշխանազրկելու գործընթացը. սա իշխանազաւթում  չէ, սա ՀՀ արժանապատիւ քաղաքացիների սահմանադրական իրաւունքն  է, դուրս գալ պայքարի ու թրքահպատակ իշխանութեանը հեռացնել յանուն Հայաստանի, Արցախի, հայ ժողովրդի»,– յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան։

Ան նաեւ կոչ ըրաւ քաղաքացիներուն՝ վաղուընէ սկսելու դասադուլ եւ գործադուլ։  Շարժման առաջնորդը նաեւ ներողութիւն խնդրեց այն քաղաքացիներէն, որոնց անյարմարութիւն պիտի պատճառեն, բայց ըսաւ,  որ օրերու հարց է, առաջիկայ  օրերուն պէտք է նեղուինք, տանջուինք, զրկանքներ կրենք, բաժիններու մէջ յայտնուինք, բայց այդ շատ կարճ պիտի տեւէ.  «Դրանից յետոյ Հայաստանում լինելու է համերաշխութիւն, արդարութիւն, ազատութիւն, միասնութիւն»,-ըսաւ Սաղաթէլեան եւ նշեց, որ վաղը կեդրոնի շրջանին մէջ ինքնաշարժներու շարժ պէտք չէ ըլլայ եւ հանրապետութեան մէջ բազմաթիւ փողոցներ փակ պիտի ըլլան: