Նոյեմբեր 22-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ փոխխօսնակ Իշխան Սաղաթէլեան ընդունած է Լիբանանի խորհրդարանի Հայկական պատգամաւորական խումբի նախագահ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին: Իշխան Սաղաթէլեանը ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող քաղաքական-անվտանգային իրավիճակը եւ անոր վերաբերեալ Դաշնակցութեան եւ ընդիմադիր դաշտին մէջ ձեւաւորուած դիրքորոշումը: Հանդիպման ժամանակ խօսուած է նաեւ Լիբանանի քաղաքական-տնտեսական ճգնաժամային իրավիճակին եւ այդ ծիրին մէջ հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
Կողմերը քննարկած են երկուստեք մտահոգող հարցեր, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական մակարդակով Հայաստան-Լիբանան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ ջանքերու առաւել արդիւնաւէտ գործադրման կարեւորութիւնն ու հնարաւորութիւնները։