image

Իշխան Սաղաթէլեան եւ Վահէ Յակոբեան զրկուեցան իրենց պաշտօններէն

Իշխան Սաղաթէլեան եւ Վահէ Յակոբեան  զրկուեցան իրենց պաշտօններէն

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը հեռացուեցաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնէն:

Փակ գաղտնի քուէարկութեամբ զայն պաշտօնէն հեռացնելուն կողմ քուէարկած է 66 պատգամաւոր, դէմ` 0 պատգամաւոր:

Սաղաթէլեանը ԱԺ փոխնախագահի պաշտօնէն ետ կանչելու նախաձեռնութիւնը «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեանն էր: Ըստ անոնց` Իշխան Սաղաթէլեանը պարբերաբար բացակայած է ԱԺ նիստերէն, հրահրած է բախումներ, օգտագործած է ատելութեան խօսք, վիրաւորած է հանրութեան տարբեր ներկայացուցիչներ, ԱԺ պատգամաւորներ:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Յակոբեանն ալ հեռացուեցաւ Ազգային ժողովի Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնէն:

Փակ գաղտնի քուէարկութեամբ զայն պաշտօնէն հեռացնելուն կողմ քուէարկած է 66 պատգամաւոր, դէմ` 0 պատգամաւոր:

Յակոբեանը յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնէն հեռացնելու նախաձեռնութիւնը «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեանն էր: Վահէ Յակոբեանը ԱԺ 8-րդ գումարման առաջին օրացուցային կիսամեակի ընդհանուր 342 քուէարկութիւններէն չէ մասնակցած 194-ին. հրաւիրուած 25 խորհուրդի նիստերէն բացակայած է 20 անգամ: