image

Իրավիճակը աւելի կանխտեսելի դարձնելու նախադրեալներ կան. Ալիեւ

Իրավիճակը աւելի կանխտեսելի դարձնելու նախադրեալներ կան. Ալիեւ

Սոչիի մէջ կայացած բանակցութիւններէն յետոյ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըսած է, որ հայկական կողմէն նախադրեալներ կը տեսնէ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը աւելի կանխատեսելի դարձնելու համար: 

«Բազմիցս ըսած եմ, որ մենք Ատրպէյճանի մէջ տրամադրուած ենք շրջելու Հայաստանի հետ բազմամեայ դիմակայութեան էջը, սկսելու բնական փոխգործակցութեան փուլը, եւ կը կարծեմ, որ այս ձեւաչափին մէջ մենք կը հասնինք մեր նպատակներուն», ըսած է Ալիեւ:

Անոր խօսքով՝ «Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ վստահութեան փոխյարաբերութիւններու մակարդակը կը նպաստէ անոր, որ լուծումներ գտնուած են Հայաստանի հետ ամենազգայուն հարցերուն շուրջ»:

«Կը կարծեմ, թէ մեր հանդիպման ամփոփումը պիտի ըլլան լաւ արդիւնքները, որոնք սպասեցնել պիտի չտան, եւ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ պիտի ըլլայ աւելի հանգիստ ու կանխատեսելի»: