Իրաքի մէջ 18 դեկտեմբերին վերջին տասը տարուան մէջ առաջին անգամ սկսած է մարզային խորհուրդներու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու համընդհանուր քուէարկութիւնը: Այս մասին յայտնած է Իրաքի IRNA լրատուական գործակալութիւնը։
Գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ մայրաքաղաք Պաղտատի եւ մարզերու մէջ աւելի քան 35,5 հազար ընտրատեղամասեր իրենց դռները բացած են ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող աւելի քան 16 միլիոն ընտրողներու առջեւ: Իրաքի 18 նահանգներէն կը քուէարկեն միայն 15 նահանգներու բնակիչները, քանի որ ինքնավար Իրաքեան Քիւրտստանի մէջ մտնող երեք գաւառներուն մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ չեն կայացուիր:
Միւս նահանգներու խորհուրդներուն մէջ տեղերուն կը յաւակնի 5,9 հազար թեկնածու, այդ շարքին՝ 1,6 հազար կին, անոնք կը պայքարին 39 քաղաքական դաշինքներու եւ 29 կուսակցութիւններու շրջածիրէն ներս՝ մարզային խորհուրդներու մէջ 285 տեղի համար: Տեղի դիտորդները կ՚ակնկալեն իրանամէտ շիա կուսակցութիւններու թեկնածուներու յաղթանակը։