image

Իրաքի առեւտուրի կեդրոններէն մէկուն մէջ հրդեհ բռնկած է. զոհերու թիւը հասած է վեց տասնեակի

Իրաքի առեւտուրի կեդրոններէն մէկուն մէջ հրդեհ բռնկած է. զոհերու թիւը հասած է վեց տասնեակի

Իրաքի ալ-Քութ քաղաքի Hypermarket առեւտուրի կեդրոններէն մէկուն մէջ խոշոր հրդեհ բռնկած է, որու հետեւանքով տասնեակ մարդիկ զոհուած են։

Հրդեհի հետեւանքով զոհուած է 50 մարդ, յայտնած է նահանգապետ Մուհամետ Ճեմիլը։

Reuters-ը, յենուելով տեղական առողջապահական կառոյցներու տուեալներու վրայ, յայտնած է 60 մահուան մասին, 11 մարդ կը համարուի անհետ կորսուած։

Փրկարարները կ՚որոնեն անհետ կորածները։ Վիրաւորները տեղափոխուած են հիւանդանոց. անոնց յստակ թիւը չի նշուիր։

Առեւտուրի կեդրոնը բացուած էր 5 օր առաջ։ Հրդեհը բռնկած է յուլիս 16-ի ուշ երեկոյեան եւ այժմ վերահսկողութեան տակ վերցուած է։

Տեղացիներէն մէկը, որու ընտանիքը զոհուած է հրդեհի ժամանակ, լրագրողներուն յայտնած է, որ «երկրորդ յարկին վրայ օդորակիչ պայթած է»։

Առեւտուրի կեդրոնի ղեկավարի նկատմամբ գործ պիտի յարուցուի, յայտնած է նահանգապետը։