image

Իրանի սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւննե՞ր

Իրանի սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւննե՞ր

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին ընդունած է Իսլամական Հանրապետութեան սահմանադրութեան որոշ յօդուածներու փոփոխութեան հնարաւորութիւնը: Այս մասին յայտնած է Al Hadas հեռուստաալիքը, յիշեցնելով, որ Սահմանադրութիւնը ընդունուած է 1979-ին:

«Իրանի սահմանադրութիւնը այնպէս մշակուած է, որ փակուղիի պարագային ելք կը նախատեսէ։ Ուստի անոր դրոյթներու իրականացման համար կրնան կիրառուիլ ճկուն մեթոտներ»,- ըսած է նախագահը։

Յիշեցնենք, որ իրանցի 22-ամեայ Մահսա Ամինիի մահէն ետք տարածուած բողոքի ալիքի ֆոնին Իրանի իշխանութիւնները վերացուցած են բարքերու ոստիկանութիւնը։

Իրանի գլխաւոր դատախազ Մոհամմատ Ճաաֆար Մոնթազէրին յայտարարած է, որ իրաւասու մարմինները վերացուցած են բարքերու ոստիկանութիւնը։

Մոնթազէրիի խօսքով՝ այն «դատական համակարգի հետ կապ չունէր»։

Իրանի մէջ անկարգութիւնները սկսած են սեպտեմբերի կէսերուն։ Անոնց պատճառը բարքերու ոստիկանութեան կողմէ բերման ենթարկուելէ ետք Մահսա Ամինիի մահն էր։ Իրանցի կանայք սկսան զանգուածաբար հրապարակել տեսանիւթեր ընկերային ցանցերուն վրայ, ուր կը կտրէին իրենց մազերը եւ կ'այրէին հիճապը։ Ցուցարարները յարձակած էին ոստիկաններու, Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի եւ անվտանգութեան այլ ուժերու, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներու վրայ։