image

Իրանի մէջ ինչպէս հայերը դիմաւորած են Նոր Տարին. Irna-ի անդրադարձը (Լուսանկարներ)

Իրանի մէջ  ինչպէս հայերը դիմաւորած  են Նոր Տարին. Irna-ի  անդրադարձը (Լուսանկարներ)

Իրանական լրատուամիջոցներն անդրադարձած են տեղի հայ համայնքին, որ նշած է Ամանորը, իսկ քանի մը օրէն ալ պիտի տօնէ Սուրբ Ծնունդը:

«Հայկական տոմարով Սուրբ Ծնունդը մի փոքր ուշ կը նշուի, քան այլ երկիրներու մէջ. այսինքն՝ մինչ աշխարհի քրիստոնեաներու մեծ մասը (ներառեալ կաթոլիկները, աւետարանականները եւ ուղղափառ քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը) 25 դեկտեմբերը կը համարեն Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան օր, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդները այն կը նշեն 5 յունուարի երեկոյեան:

Իրանահայերը, որոնք կը կազմեն Իրան բնակող քրիստոնեաներու հիմնական մասը, այս օրերուն զբաղած են իրենց տօնակատարութիւններու նախապատրաստմամբ: Թեհրանի Խաճէ Նեզամ թաղամասի «Տահ Մեթրի Արամանէ» փողոցը, ուր կը գտնուի Սուրբ Վարդան հայկական եկեղեցին, թարմ աղացած սուրճի բոյրը տարածուած է օդը, առեւտուրի կեդրոնները կ'եռան աշխուժութեամբ», - գրած է Mehr գործակալութիւնը:

Ըստ գործակալութեան՝ Սուրբ Ծնունդի նախորդ օրերուն, եթէ պատահաբար քալէք Թեհրանի փողոցներով, ուր կ'ապրին հայերու մեծ մասը, օրինակ՝ Միրզայէ Շիրազի փողոցը եւ Նեճաթոլլահի փողոցը՝ իր նշանաւոր Սուրբ Սարգիս տաճարով, կրնաք որոշ խանութներու ցուցափեղկերուն տեսնել պաստառներ, որոնք կը յայտնեն ամանորեայ տօնակատարութիւններու եւ կենդանի երաժշտութեամբ ելոյթներու ժամն ու վայրը:

«1 յունուարի գիշերը կը ղօղանջեն եկեղեցւոյ զանգերը՝ աւետելու նոր տարուան սկիզբը, իսկ 5 յունուարին եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի փառահեղ արարողութիւն։

Ամէն տարի 1 յունուարի կէսգիշերին Ամանորի տօնակատարութիւններ կը կատարուին նաեւ Իրանի ամենամեծ եւ ամենագեղեցիկ եկեղեցւոյ՝ Սպահանի Ճուղայի հայկական թաղամասը գտնուող Վանք տաճարին մէջ», - եզրափակած է աղբիւրը ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք IRNA գործակալութեան լուսանկարներու շարքը, թէ ինչպէս  իրանահայերը Նոր տարին դիմաւորած են Թեհրանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարը։