image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի ԱԳ նախարարը նշած է ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններու վերսկսման պայմանը

Իրանի ԱԳ նախարարը նշած է ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններու վերսկսման պայմանը

Թեհրանն ու Ուաշինկթընը կրնան վերսկսիլ բանակցութիւնները միջուկային գործարքի շուրջ, եթէ ամերիկեան բանակցային խումբը հետեւի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ըսածին: Այս մասին CNN-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։

«Ես կը տեսնեմ (Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ միջուկային հարցի շուրջ) հետագայ բանակցութիւններու (կայացման – խմբ.) հնարաւորութիւն, եթէ Միացեալ Նահանգներու բանակցային խումբը հետեւի նախագահ Թրամփի ըսածներուն։

Հաւասար արդար գործարք, որ կը հաստատէր, որ Իրանը միջուկային զէնք չունի»,-Արաքչիի խօսքը մէջբերած է հեռուստաալիքի կայքը։