image

Իրանցիք կը շարունակեն կարեւորել այլընտրանքային ճանապարհը

Իրանցիք կը  շարունակեն կարեւորել այլընտրանքային ճանապարհը
Իրանը պատրաստ է մասնակցելու Հայաստանի տարածքով դէպի Վրաստան տարանցիկ նոր ճանապարհի կառուցման: Այդ մասին ըսած է Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան փոխնախարար Խէյրուլլահ Խատեմին:
 
«Հայաստանը կը ծրագրէ Իրանէն Վրաստան նոր տարանցիկ ուղի ստեղծել: Մենք յայտարարած ենք այս ճանապարհի շինարարութեան մասնակցելու մեր պատրաստակամութեան մասին», - մէջբերած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:
 
Պաշտօնեայի խօսքով՝ «խօսքը նոր միջանցքի մասին Է, բացի այն ճանապարհէն, որ այլընտրանքային է Գորիս-Կապան մայրուղիի համար եւ որու շուրջ կողմերը նոյնպէս համաձայնութեան եկած են»:
 
Ան նշած է, որ այսօր կայ Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգը Երեւանի հետ կապող երթուղի:
 
«Այս ճանապարհի մօտ 21 քիլոմեթրը, ըստ վերջին փոփոխութիւններու, կը համարուի Ատրպէյճանի մաս», - աւելցուցած է փոխնախարարը: Անոր խօսքով, «ատրպէյճանական կողմը գումար կը գանձէ այս կարճ հատուածի անցման համար, ուր կայ միայն մէկ անցակէտ»:
 
«Անհրաժեշտ է հնարաւորինս շուտ ստեղծել այլընտրանքային ուղի, որպէսզի ճանապարհը այլեւս չանցնի Ատրպէյճանի տարածքով, որ նոյնպէս կարեւոր է հայերու համար եւ կը համապատասխանէ անոնց կարիքներուն», - ըսած է Խատեմին: