Իրան-Թուրքիա բարձրագոյն յանձնաժողովի նիստը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի Թեհրան այցի ընթացքին պիտի կայանայ։ Այս մասին յայտնած է Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեանը։
Անոր խօսքով՝ Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահները պայմանաւորուած են Ռեճեպ Թայիփ Էրտողանի Թեհրան կատարած այցի ժամանակ բարձրագոյն յանձնաժողովի նիստ հրաւիրել։
Ան նաեւ ըսած է, որ Աշախապատի մէջ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ Էրտողանի հանդիպումը անցած է շատ «բարեկամական եւ ջերմ» մթնոլորտի մէջ՝ յաւելելով, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են յարաբերութիւններու համակողմանի զարգացման եւ որոշ խոչընդոտներու վերացման հարցեր։