Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Փաքիստանի վարչապետ Շեհպազ Շարիֆի հետ քննարկած է առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման հեռանկարները՝ ընդգծելով երկու հարեւան երկիրներու միջեւ սահմանային կապերու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։ Գրած է IRNA-ն։
Սթանպուլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման Փաքիստանի վարչապետը եւ Ամիր Ապտոլլահեանը միտքեր փոխանակած են «Թեհրանի եւ Իսլամապատի երկկողմ յարաբերութիւններու, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման, յատկապէս սահմանային կապերու ամրապնդման շուրջ»։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպման քննարկած է «իր փաքիստանցի գործընկեր Պիլաւալ Պհութո Զարտարիի հետ խորհրդակցութիւններու արդիւնքները եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները»։
Աւելի վաղ Ամիր Ապտոլլահեան հանդիպած էր Զարտարիի հետ՝ «ուսումնասիրելու նոր հնարաւորութիւնները Թեհրանի եւ Իսլամապատի միջեւ քաղաքական, տնտեսական ու պաշտպանական յարաբերութիւններն ամրապնդելու համար»: