Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի ցամաքային ուժերը երկուշաբթի՝ 11 դեկտեմբերի, առաւօտեան անվտանգութեան մեծ զօրավարժութիւն իրականացուցած է Իրանի արեւմուտքին մէջ, յայտնած է mehrnews.com-ը։
Զօրավարժութիւնը կայացած է անվտանգութեան սպառնալիքներուն, հակայեղափոխական խմբաւորումներուն, ահաբեկչական ու «թաքֆիրական» ցանցերուն դիմակայելու մօտեցմամբ։
Այս զօրավարժութեան ընթացքին իրականացուած է ռատիոտեղորոշիչ եւ կապի համակարգերու փորձարկում, նոր սարքաւորումներու միջոցով ենթադրական թշնամիներու թիրախներու ու շտաբներու ոչնչացում, իրականացուած են հետախուզական գործողութիւններ: