image

Իրան երկու առաջարկ ունի միջուկային ծրագրին վերադառնալու շուրջ

Իրան երկու առաջարկ ունի միջուկային ծրագրին վերադառնալու շուրջ

Իրան գերտէրութիւններուն երկու առաջարկ ներկայացուցած է 2015-ի միջուկային ծրագրին վերադառնալու շուրջ․ այժմ բանակցութիււններու միւս կողմերը պետք է ծանօթանան այդ փաստաթուղթերուն, յայտնած է Իրանի գլխաւոր բանագնաց Ալի Պաղերին։

Վերջինիս խոսքով, առաջարկը կը վերաբերի երկու թեմաներու՝ կոշտ պատժամիջոցներու վերացման եւ ուրանի հարստացման շուրջ տարաձայնութիւններուն։

2015-ին ստորագրուած պայմանագրով Թեհրան համաձայնած էր դադրեցնել ուրանի հարստացումը՝ արեւմտեան պատժամիջոցներու սառեցման դիմաց։ Երեք տարի առաջ, սակայն, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփ միակողմանիօրէն դուրս եկած էր գործարքէն՝ վերականգնելով պատժամիջոցները։

Թեհրանը, ի պատասխան, ետ կանգնած էր ստանձնած պարտաւորութիւններէն։ Նախագահ Ճօ Պայտընի օրօք կողմերը սկսած են բանակցութիւնները՝ գործարքին վերադառնալու համար, առայժմ՝ առանց էական արդիւնքներու։