image

Իրան ԱՄՆ-ին պիտի առաջարկէ մշակել միջանկեալ միջուկային համաձայնագիր. Axios

Իրան ԱՄՆ-ին պիտի առաջարկէ մշակել միջանկեալ միջուկային համաձայնագիր. Axios

Իրանը մտադիր է Օմանի մէջ ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններու ընթացքին առաջարկել աշխատանքներ սկսիլ միջանկեալ միջուկային համաձայնագրի շուրջ՝ նախքան համապարփակ գործարքի բանակցութիւններուն անցնիլը, յայտնած է Axios-ը, վկայակոչելով իր աղբիւրները։

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը երկամսեայ վերջնաժամկէտ սահմանած է Իրանի հետ նոր միջուկային գործարքի շուրջ բանակցութիւններու համար, և միեւնոյն ժամանակ կարգադրած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ԱՄՆ ռազմական ուժեր կուտակել՝ որպէս այլընտրանքային տարբերակ, եթէ դիւանագիտութիւնը ձախողի։

Axios-ի աղբիւրները վկայակոչած են Իրանի դիրքորոշումը, ըստ որու, երկու ամսուան մէջ բարդ եւ խիստ տեխնիկական միջուկային համաձայնագրի հասնիլն անիրատեսական է, եւ միջանկեալ միջուկային համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններով Թեհրանը կ՚ուզէ ժամանակ շահիլ՝ սրացումէ խուսափելու համար։

«Իրանցիները կարծես թէ համոզուած են, որ կայուն համաձայնագրի հասնիլը անհաւանական է նախագահ Թրամփի նախատեսած ժամանակահատուածին մէջ: Ուստի կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ դիտարկել միջանկեալ համաձայնագիրը՝ որպէս վերջնական գործարքին հասնելու կանգառ»,-ըսած է Միջազգային ճգնաժամային խումբի Իրանի ծրագրի տնօրէն Ալի Վաեզը։

Իրանի եւ ԱՄՆ-ի պատուիրակութիւններն ապրիլ 12-ին պիտի հանդիպին Օմանի մէջ՝ բանակցելու միջուկային ծրագրի շուրջ։

Օմանի միջնորդութեամբ բանակցութիւններն իրանեան կողմէն պիտի գլխաւորէ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին, ԱՄՆ կողմէն՝ ԱՄՆ նախագահի բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը։