image

Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով մահացած է հայրենի քանդակագործ՝ Գէորգ Ջաւրուշեանը

Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով մահացած է հայրենի քանդակագործ՝ Գէորգ Ջաւրուշեանը

Նոյեմբեր 13-ին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։

shamshyan.com-ի հաղորդմամբ ժամը 11։30-ի սահմաններուն Դաւիթ Բեկ փողոցին վրայ ծառայութիւն կատարող ոստկանութեան պարէկներուն մօտեցած են քաղաքացիներ եւ յայտնած, որ Դաւիթ Բեկի 89/1 հասցէի դիմաց՝ մեքենայի մէջ, քաղաքացիի ինքնազգացողութիւնը վատացած է։  Պարէկները ահազանգած են 1-03 շտապօգնութիւն, եւ անմիջապէս ժամանած բժիշկներու հերթապահ խումբը, ցաւօք, արձանագրած է Nissan XTrail մակնիշի մեքենայի վարորդի մահը։

Դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն՝ արտաքին զննութեամբ դիակի վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած։

Քննիչի որոշմամբ նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։ Ոստիկանութիւնը պարզած է, որ մահացածը Երեւանի բնակիչ՝ 64-ամեայ Գէորգ Ջաւրուշեանն էր, որուն ինքնազգացողութիւնը մեքենան վարելու ժամանակ վատացած է, որն ալ դարձած է մահուան պատճառ։

Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ Գ. Ջաւրուշեանը յայտնի ու սիրուած  նկարիչ, քանդակագործ Գէորգ Մշեցի Ջաւրուշեանն է։