Տարածուած տեսանիւթը, ուր կ՚երեւի հարսանիքի առթիւ եղած հաւաք մը Լիբանանի զբօսաշրջային թիւ մէկ վայր ՝հանդիսացող Ժայէթայի քարայրին մէջ զայրոյթի պատճառ դարձած է Լիբանանի քաղ. հասարակութեան տարբեր շերտերուն մէջ։
Տեսանիւթին մէջ երեւելի կը դառնայ, թէ այդ պատմական ու բնական վայրը՝ ուր սովորաբար արգիլուած է այցելուներուն բջջախցիկները կամ լուսանկարումը, վերածուած էր «Հարսանեաց սրահ»ի մը։
Սագօ Արեանի էջէն կը կարդանք՝
Լիբանանի մէջ «նոր պատմութիւն» մը ստեղծուած է, երբ մարդիկ խախտելով բոլոր կանոնները, եւ անտեսելով վայրի պատշաճութիւններն ու պատմական արժէքը «Հարսանեաց ընդունելութիւն» եւ խրախճանք կատարած են Ժաիթա քարայրին մէջ։
Ստորեւ ՝ մանրամասն՝
Տարածուած տեսանիւթը, ուր կ՚երեւի հարսանիքի առթիւ եղած հաւաք մը Լիբանանի զբօսաշրջային թիւ մէկ վայր ՝հանդիսացող Ժայէթայի քարայրին մէջ զայրոյթի պատճառ դարձած է Լիբանանի քաղ. հասարակութեան տարբեր շերտերուն մէջ։
Տեսանիւթին մէջ երեւելի կը դառնայ, թէ այդ պատմական ու բնական վայրը՝ ուր սովորաբար արգիլուած է այցելուներուն բջջախցիկները կամ լուսանկարումը, վերածուած էր «Հարսանեաց սրահ»ի մը։
Տեսանիւթը ցոյց կու տայ հզօր ուժգնութեան լոյսեր, աղմկալի երաժշտութիւն եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ, որոնք կը մասնակցէին փառաւոր հանդիսութեան մը՝ քարայրին մէջ։ Տեսարանը հարցեր առաջացուց, թէ ինչպէ՞ս կարելի եղած էր արտօնել նման երեկոյ մը բնական յուշարձանին մէջ, որ 2011-ին թեկնածու էր աշխարհի եօթը բնական հրաշալիքներու շարքին։
Հրապարակուած են տեսանիւթեր, որոնք կը ցուցադրեն հանդիսութեան շքեղութիւնը՝ մեծ նուագախումբ մը տեղադրուած քարայրին գագաթին վրայ, մինչեւ փոքրիկ նաւակներ կը շրջէին հրաւիրեալներով քարայրին մէջ՝ լուսաւորուած ելեկտրական լոյսերով ու մոմերով։
Այն ժամանակ, երբ տեսանիւթերը լայնօրէն կը տարածուէին ընկերային ցանցերուն վրայ , Լիբանանի մէջ բազմաթիւ օգտատէրեր զայրոյթ արտայայտեցին՝ այդ դէպքը նկատելով նոր օրինակ մը երկրին մէջ իշխող «հարուստ դասակարգի քմահաճոյութեանց» եւ «բնական ու օրէնսդրական սահմաններու անտեսման»։
Շատեր այդ հարսանիքը բնութագրեցին իբրեւ «կաշառակերութեան նոր նշան», որ կը բացայայտէ «պետութեան ամբողջական ձախողումը»։
Իր կարգին լիբանանցի լրագրող Էլի Մըրհէպ իր աղմկալի այս դէպքը կոչեց «Զբօսաշրջային աղմկալի սկանդալ»՝ նկատել տալով, որ «Մինչ իշխանութիւնները խստօրէն կը վերահսկեն հասարակ այցելուներուն մուտքը՝ քարայր, հոն կը կազմակերպուի նման շքեղ հարսանիք մը եւ այդ մէկը անընդունելի է»։
Միւս կողմէ լիբանանցի լրագրող Եումնա Ֆաուազ կոչ ըրած է «պատժել բոլոր պատասխանատուները»՝ իր բառերով՝ «Ժայէթայի քարայրի հարսանիքի հրաշքին» համար։
Դէպքը դարձած է խորհրդանիշ՝ Լիբանանի մէջ օրէնքներուն հանդէպ յարգանքի բացակայութեան եւ բնութեան հանդէպ անպատասխանատու վերաբերմունքի։
عرفتوا انو الدوله المحترمة سمحت لناس ( من الطبقة المخملية ) تعمل عرسهم جوا مغارة جعيتا، مع موسيقى صاخبه وتصوير وفلاش وعدد كبير من الناس.. ونحنا اذا فتنا بعملونا ارهابيين اذا صورنا صورة.. خيي شو دين سما هالتناقضات بكل شي..
— Mohammed Dimashk 📽🏛 (@MohammedDimashk) November 3, 2025
ووزارة السياحة عم ترقص بالزاوية pic.twitter.com/erkwSjikQi