Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարք Լիպի ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցին պատասխանած է այն հարցին, թէ ինչու չի մեկնիր Շուշի:
«Ես չեմ ուզեր ըլլալ ինչ որ տեղ կազմակերպուած ինչ որ մէկու մը շոուի մէկ մասը: Այդ պատճառով, երբ գայ այդ ընելու ժամանակը, ես կ'ընեմ: Այժմ պատրաստ չեմ»,- ըսած է դեսպանը:
Լիպի նաեւ մեկնաբանած է այն հարցը, թէ ինչպէս Ուաշինկթընի մէջ կ'ընկալեն Պաքուի եւ Մոսկուայի ջերմ յարաբերութիւնները:
«Այն յարձակողական, անարդիւնաւէտ երկիր է։ Ատրպէյճանը պէտք է հաշուի առնէ այդ, եւ ինքը որոշէ, թէ ինչպէս պաշտպանէ իր ինքնիշխանութիւնը»,- ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը։