image

Ին՞չ պարտի յաջորդել վարչապետ Փաշինեանի աղետալի խոստովանութիւններուն. Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

Ին՞չ պարտի յաջորդել վարչապետ Փաշինեանի աղետալի խոստովանութիւններուն. Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

Ապրիլի 13-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային Ժողովին մէջ աւելի քան ժամ մը տեւող զգայացունց ելոյթ մը ունեցաւ, որուն մէջ ան կուտակեց յաջորդաբար, երբեմն հակասութիւններ  ալ պարունակող, ինքնաքննադատութիւններ, նախորդ իշխանութեանց ուղղուած քննադատութիւններ եւ Հայաստանի 1990-ի անկախացումէն ի վեր պատահած իրադարձութեանց թուարկումներ, որոնք բոլորը առաջնորդեցին նոր զինաթափութիւն մը հանդիսացող` Արցախի գոյավիճակը բնութագրող պարտուողական իր ցնցիչ ձեւաւորման: Արդարեւ, Ապրիլ 13-ին Փաշինեան գալարումներով դրոշմուած իր ելոյթով արձակեց այն ռումբը որ 44-օրեայ Արցախեան պատերազմի տխուր վերջաւորութենէն ի վեր կը թուէր պատրաստութեան մէջ ըլլալ: 

Կարելի է քանի մը բառով ամփոփել Փաշինեանի տըխրահռչակ այս ելոյթը: Ան յուզումնախառն ելեւէջներով ի վերջոյ, Արցախի, Հայաստանի, եւ Սփիւռքի Հայութեան յայտարարեց ճիշդ հակառակը այն բոլորին որ 30 տարիներէ ի վեր տանիքներէն բարձրաղաղակ հաղորդուած է անոնց...Ան ըսաւ թէ պէտք է սթափինք եւ դադրինք երազելէ...ՙընդունինք որ Արցախը կը պատկանի Ատրպէյճանին...՚

Այդ երկար ելոյթին մեր կարճ պատասխանը հետեւեալն է - ՙՊր. Փաշինեան՛ բացարձակապէս կը սխալիք՚ 

Այնպէս ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Պր. Փաշինեանի չհիմնաւորուած` պարտըւողական այս ելոյթը դատապարտութեան եւ մերժումի արտայայտութեանց հսկայական ալիք մը շղթայազերծեց աշխարհատարած հայութեան բոլոր կողմերէն: Առաջին եւ ամբողջական ժխտումը եկաւ նոյն ինքը Արցախի իշխանութիւններէն եւ Ազգային Ժողովէն: Նոյնպէս ժխտման եւ դատապարտութեան արտայայտութիւններ  անդադար կը հոսին Հայաստանի թէ Սփիւռքի քաղաքական տարբեր շրջանակներէն եւ անձնաւորութիւններէն: 

Ներկայ այս յօդուածին մէջ պիտի նախ ամփոփենք պարզ եւ յստակ միջազգային փաստերը որոնք կը հիմնաւորեն Փաշինեանի տխուր ձեւաւորման բոլոր հերքումները, քանի որ անոնք անժխտելիօրէն կը թուեն Արցախի անկախութեան իրաւունքը հիմնաւորող միջազգային տուեալները: Ապա` պիտի խստագոյն ձեւով  պահանջենք Հայաստանի իշխանութիւններէն թօթափել մինչեւ այսօր իրենց որդեգրած վարանոտ եւ ՙամօթխած՚ լեզուն եւ կեցուածքը , երբ իրենց կարգն է Արցախի եւ Հայոց դատը ներկայացնելու միջազգային ատեաններուն առջեւ...Արդարեւ, Արցախի հարցը եւ դատը ունին շատ հաստատուն հիմնաւորումներ, եւ սակայն անհրաժեշտ է ունենալ նաեւ այդ փաստերը նոյնքան ինքնավստահութեամբ` յաջող կերպով միջազգային հանրային կարծիքին ներկայացնողներ: Ակնյայտ է որ ցայսօր կատարուած է հակառակը...: Հիմա մանաւանդ,  երբ Պր. Փաշինեան` իր իսկ խոստովանութեամբ հաստատեց Հայ ազգի գերագոյն շահերու յառաջացման եւ պաշտպանութեան աշխատանքին վերաբերեալ իր ձախողութիւնը, անխուսափելի է որ ինք տեղ տայ որպէսզի աւելի որակեալ առաջնորդներ ստանձնեն այդ դժուարին մարտահրաւէրը  յաղթահարելու դժուարին պատասխանատուութիւնը:

Վերեւը մեր յիշած ՙվարանոտ կեցուածք՚ որակումը , իրականութեան մէջ խիստ փափկանկատ մօտեցում է:Իրականութեան մէջ պէտք է զայն փոխարինել ՙամբողջական անկարողութեամբ՚...Ցաւով կը վերյիշենք թէ դիւանագիտութեան եւ միջազգային կարծիք ձեւաւորելու պատերազմի կոպիտ դաշտին մէջ հայոց ձախողութեան հետեւանքն էր որ Արցախի 44օրեայ ամբողջ պատերազմին ընթացքին, միջազգային լրատուութիւնը այդ պատերազմը անդադար որակեց ՙԱզերիներու ազատագրումը, հայոց կողմէ բռնագրաււած իրենց հողերուն...՚ փոխան ճիշդ հակառակ բնորոշման...: 

Արցախի անկախ երկիր ըլլալու իրաւունքը խարսխուած է երկու անջատ` եւ Արցախի կողմէ ամբողջովին լրացուած միջազգային փաստերու վրայ: Այս փաստերուն առաջինը հիմնուած է 1990-1991 տարիներուն, նախկին  Խորհրդային Միութեան մասնահատման շրջանին պատահած իրարայաջորդ դէպքերուն ընթացքին Արցախի կողմէ, միջազգայնօրէն պահանջուած բոլոր քայլերուն յաջողութեամբ իրագործման փաստին վրայ:

Այդ յաջորդական դէպքերը, թուականի կարգով հետեւեալներն են- Ապրիլ 3, 1990-ին, Խորհրդային Միութիւնը ընդունեց թիւ N-14Օ9 օրէնքը, որ իր շրջաններէն որեւէ մէկուն իրաւունք կու տար անջատուելու ԽՄ-ենէն, համապատասխան դրական հանրաքուէ մը կայացնելու պայմանաւ: Արցախ որ մինչ այդ ինքնավար շրջան մըն էր Ատրպէյճանի կազմին մէջ, որ ինք տակաւին մաս կը կազմէր ԽՄ-եան, յիշուած հանրաքուէն կայացուց Դեկտեմբեր 10, 1991ին, եւ այդպիսով, այդ թուականէն սկսեալ դարձաւ օրինաւորապէս, de jure, անկախ երկիր:

 Անկէ ետք է որ ԽՄ-ը դադրեցուց իր գոյութիւնը եւ Ատրպէյճանն ալ կայացուց իր անկախութեան հանրաքուէն, յաջորդաբար Դեկտեմբեր 26 եւ 29 թուականներուն, ուր Արցախը արդէն իսկ անկախացած էր եւ Ատրպէյճանի մաս չէր կազմեր...Խճողուած դէպքերով լեցուն ԽՄ-եան եւ անոր մաս կազմող մասնիկներուն այս շրջանին մանրամասն պատմութիւնը բնականաբար տրամադրելի է բազմաթիւ միջազգային աղբիւրներէ: Սակայն Արցախի յատուկ պարագաները յստակ կերպով ներկայացուած են  The Armenian Mirror Spectatorի Ապրիլ 25, 2021 թիւին մէջ երեւցած` քաղաքական աշխարհագրութեան մասնագէտ դոկտ. Վահագն Վարդանեանի, ՙOn the Legal-Political Status of Nagorno-Karabakh ՚ վերնագրով յօդուածին մէջ: 

Այսպէս ուրեմն, Դեկտեմբեր 10, 1991էն ի վեր, Արցախ հայկական անկախ երկիր մըն է:

Բոլորովին անկախ վերեւի անժխտելի տուեալէն, Արցախ ունի իր անկախութիւնը արդարացնող երկրորդ ինքնին բաւարար տուեալ մը, որ, բնակչութեան վտանգին ենթակայ փոքրամասնութեան մը անկախութիւն հռչակելու միջազգայնօրէն ընդունուած իրաւունքն է: Այս իրաւունքին գործադրութեան հիման վրայ է որ Քոսովօն 2008-ին բաժնուեցաւ Սերպիայէն եւ հռչակեց իր անկախութիւնը որ միջազգայնականօրէն ընդունուած է: Արդարեւ, հեգնական է երբ այսօր Ատրպէյճան կը համարձակի ՙԱրցախահայութեան ինքնավար գոյավիճակ առաջարկել Ատրպէյճանէն ներս՚, մինչ հանրածանօթ են իր հայաջնջումի գրեթէ ամէնօրեայ դէպքերը...Այսօր, հայոց առաջարկել ապրիլ Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս, անարգանք է մարդկային տրամաբանութեան դէմ: Հետեւաբար մարդու վերապրումի իրաւունքով իսկ, Արցախ` Քոսովոյի չափ իրաւունք ունի Ատրպէյճանէն դուրս իր անկախութեան...

Նկատի առնելով վերեւը ներկայացուած Արցախահայութեան անկախութեան իրաւունքի կրկնակի հաստատուն տուեալները, երբ 1991էն 30 տարիներ ետք, Արցախը տակաւին կ'ենթարկուի այսօրուան անորոշութեանց, եւ Փաշինեան կը ստիպուի հրապարակաւ յայտարարելու թէ Արցախին համար միակ կարելի գոյավիճակը ընդունիլն է Ատրպէյճանի մաս կազմել , միակ բացատրութիւնը կը կայանայ այսօրուայ իշխանութեանց` ներառեալ նախկիններուն, անկարողութեան եւ ամբողջական ձախողութեան մէջ: Արդարեւ , միջ-1990-ականներու Արցախի յաղթական առաջին պատերազմէն ետք, այսքան տարիներու ընթացքին կարողացած չեն լուծել այս հարցը: Այս արդար դատավճռին հետ սակայն, պէտք է նաեւ յետադարձ ակնարկով գնահատանքով յիշել առաջին Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը՛ իր շատ աւելի իրատես մօտեցման համար, երբ 1998-ին ան կը պնդէր թէ Արցախը պէտք էր այն ժամանակ բանակցութիւններով վերջնականացնէր իր անկախութեան գոյավիճակը , զիջելով այն կարգ մը շրջանները որոնք գրաւուած էին հայերու կողմէ միայն ապահովութեան ամրապնդման համար, քանի որ անոնք մաս չէին կազմեր մեր օրերու հայաբնակ Ղարաբաղին: Արդարեւ յետադարձ ակնարկով, Տէր Պետրոսեան ճիշդ էր: Յաջորդող իշխանութիւնները պէտք էր հետեւէին լաւ հիմնաւորուած դիւանգիտական քաղաքականութեան մը: Հայաստանը ոչ միայն պէտք էր ամրապնդեր օրինաւորապէս շահած եւ իրեն պատկանող տարածքները, այլ նաեւ պէտք էր անաղմուկ ստեղծէր զօրաւոր եւ արդիական իր բանակը որպէս իր անկախութեան միակ ապահով երաշխիքը: Փոխարէնը կատարուեցան երգերով, պարերով եւ կենացներ խմելով անթիւ տօնակատարութիւններ, մինչ բանակը փաստօրէն կը գտնուէր անկազմակերպ շուարած վիճակի մը մէջ:

Եզրակացնելով, աշխարհատարած հայ ժողովուրդը իրաւացիօրէն կը դատապարտէ վարչապետ Փաշինեանը եւ անոր իշխանութիւնը` հերոսական Արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած տկարութեան եւ անկարողութեան համար:

Հայաստանը եւ Արցախը այսօր պէտք ունին որակաւոր ղեկավարութեան մը որ կարող է խելացութեամբ եւ խիզախութեամբ տանիլ դիւանագիտական պայքարը ի խնդիր իրենց օրէնքով արդարացուած գոյութենական իրաւունքներուն: Աւելի լաւ է ուշ քան երբեք:  Այստեղ ներկայացուած երկու օրինական փաստերը պէտք է ինքնավստահօրէն եւ բարձրաձայն արժեցնել բոլոր համապատասխան շրջանակներուն մէջ, սկսելով Հայաստանի Ազգային Ժողովէն, ներառեալ լրատուական միջազգային շրջանակները: Փաշինեանի տխրահռչակ ելոյթը պէտք է սխալ եւ չեղեալ յայտարարուի: 

Մեր իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար պէտք ունինք Ուքրանիոյ Զելենսքիի համազօր Հայ առաջնորդի մը, որ ցերեկ եւ գիշեր բարձրաձայն` մոլորակի բոլոր երկիրներէն ուղղակի  օգնութիւն կ'ուզէ ի զօրակցութիւն իր երկրի անկախութեան օրինաւոր պահանջին, փոխանակ այսօրուայ Հայաստանի ղեկավարին նման զինաթափուելու, հակառակ աշխարհի մեծ երկրի մը բիրտ ոյժին ճնշման ենթարկուած ըլլալուն...Եթէ այդպիսի ղեկավարութիւն մը արագօրէն պիտի չյայտնուի Հայաստանի մէջ, այդ պարագային ան պէտք է ստեղծուի աշխարհատարած ամբողջ հայութիւնը զինակոչի ենթարկելով: 

Հայերը պէտք է պաշտպանեն իրենց իրաւունքները եւ յաղթեն: Արցախի այս պատերազմին մէջ ցուցաբերուած տկարութեան կամ ձախողութեան յաջորդող քայլը պիտի ըլլայ Հայաստանի իսկ սահմաններուն վրայ պատառներ փրցնելու քաղաքականութիւնը որ պիտի առաջնորդէ ամբողջ երկրին կորուստին... Ալիեւ բազմիցս ըսաւ թէ Երեւանը իրեն կը պատկանի... Մինչեւ այսօր ան իրականացուց իր բոլոր նպատակները, որովհետեւ մենք իրեն արտօնեցինք այդ ընել:

Հայեր` այո՛ ՙԱրցախը օրինաւորապէս մեն է...՚, 1988-ի ՙԱրցախի Շարժման՚ հայրենասիրական աշխարհատարած ալիքը պէտք է հիմա իսկ վերակենդանացնել: