Իրանի մէջ համազգային սուգ յայտարարուած է նախագահի մահուան կապակցութեամբ։
Իրանի նախագահական ուղղաթիռը երէկ՝ մայիս 19-ին, «կոշտ վայրէջք» կատարած է Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգին մէջ, որու հետեւանքով ուղղաթիռի անձնակազմն ու բոլոր ուղեւորները, այդ շարքին երկրի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին եւ արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը զոհուած են։
Իրանի կառավարութիւնը վստահեցուցած է, որ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի մահը նախարարներու գրասենեակի աշխատանքի խափանումներու պիտի չյանգեցնէ։ Այս մասին ըսուած է նախարարներու գրասենեակի թելեկրամեան ալիքով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։
Իրանի նախագահի լիազօրութիւնները, համաձայն երկրի Սահմանադրութեան, երկու ամիսով պիտի փոխանցուին առաջին փոխնախագահ Մոհամմատ Մոխպերին։ Ան պիտի ստանձնէ երկրի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ երկու ամիսներուն, իսկ 50 օրուան ընթացքին նոր նախագահական ընտրութիւններ պիտի կայացուին։