image
Հրատապ լուրեր:

Իգնատիոս Եունան Պատրիարք Անթիլիաս այցելեց

Իգնատիոս Եունան Պատրիարք Անթիլիաս այցելեց

Օրերս Անտիոքի ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետին՝ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարք տօնական շնորհաւորանքներ ներկայացնելու համար այցելած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղի՝ Անթիլիաս։

«Արեւելք» ասոր մասին իմացաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։

Ստորեւ ներկայացուած հաղորդագրութիւնը ՝

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Անտիոքի ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետին՝ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքին, Երկուշաբթի, 5 Յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին։ Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սիփան Արք. Քէչէճեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքի պատասխանատուներէն Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան. իսկ Պատրիարք Հօր կողքին՝ Հապիպ Քորեպիսկոպոս Մրատ եւ հայր Քարիմ Քալաշ։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ նետելու երկու եկեղեցիներու յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ու Սուրիոյ այժմու կացութեան վրայ։ Երկու հոգեւոր պետերը վերահաստատեցին իրենց գործակցութեան նոր մղում տալու հրամայականը։

Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Վեհափառ Հայրապետն ու Պատրիարքը սրտագին բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին։