Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն անդրադարձած է Սուրիոյ մէջ առկայ իրավիճակին եւ այդ իրավիճակը վերագրած՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Սոչիի մէջ ունեցած բանակցութիւններու ժամանակ Էրտողանի կրած պարտութեան:
«Եթէ Սուրիոյ մէջ առկա խնդիրները կը շարունակուին, այդ կը նշանակէ, որ յարգարժան նախագահ Էրտողանը Սոչիի մէջ բանակցութիւններու ժամանակ տանուլ տուած է: Առանց Փութինի աջակցութեան, Սուրիան չի կրնար տեղէն շարժիլ», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտնած էր, որ Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի՝ Սուրիոյ հարցով իրենց պարտաւորութիւնները չկատարելու լոյսին տակ, Թուրքիան պիտի ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն՝ Սուրիոյ տարածքին ահաբեկչության սպառնալիքը վերացնելու համար:
Անոր խօսքով՝ վերջին շրջանին Սուրիոյ հիւսիսը աւելցած է քիւրտերու կողմէ ահաբեկչական յարձակումներու թիւը:
Թրքական դիւանագիտութեան ղեկավարը յիշեցուցած է, որ Սուրիոյ մէջ հակաահաբեկչական գործողութիւններէն առաջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալները գնդակոծած են Թուրքիոյ տարածքը, այդ շարքին` ականանետերէն:
«Վերջերս մենք կրկին սկսած ենք արձանագրել նման յարձակումներ: Հեռաւորութիւնը, որմէ կը գնդակոծուին Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջանները, առաւելագոյնը 30 քմ է: Եւ այդ չնայած այն բանին, որ Սուրիոյ մէջ, այդ շարքին՝ «Եփրատի վահան» գործողութիւններու մեկնարկէն յետոյ, մենք որոշակի պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերինք ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի հետ: Երկու երկիրներն ալ պարտաւորուած են ահաբեկիչները դուրս բերել Թուրքիոյ սահմանէն՝ անոնց տանելով 30 քմ դէպի Սուրիոյ խորքը: Մոսկուան պարտաւորուած է նաեւ ահաբեկիչներէն մաքրել Սուրիոյ Թալ Ռիֆաթ եւ Մենպիժ շրջանները: Ցաւօք, այդ խոստումները չեն կատարուած», յայտնած է ան:
Չաւուշօղլուն ընդգծած է, որ Ռուսաստանը եւ ԱՄՆ-ն նոյնպէս պատասխանատու են սուրիացի խաղաղ բնակիչներու եւ թուրք զինուորականներու վրայ ահաբեկչական յարձակումներու համար: Անոնք չեն կատարած իրենց խոստումները, պարզաբանած է թուրք նախարարը:
Ահաբեկչական յարձակումներու աճին եւ Սուրիոյ նկատմամբ պարտաւորութիւններու չկատարման լոյսին տակ, Թուրքիային կը մնայ ինքնուրոյն լուծել հարցը, ըսած է Չաւուշօղլուն: