image
Հրատապ լուրեր:

Ի՞նչ ձեւաչափով Ծառուկեանը պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն

Ի՞նչ ձեւաչափով Ծառուկեանը պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն

3 փետրուարին, Երեւանի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ կայացած է Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը քանի մը հարիւր երիտասարդներու հետ՝ տարբեր համալսարաններէ, Երեւանէն, մարզերէն։

Երիտասարդները բաւականին բաց ու անկեղծ հարցեր ուղղած են, Ծառուկեան ինքը սկիզբը յորդորած է տալ բոլոր յուզող հարցերը, ու հարցերու հեղեղ սկսած է։ Մասնաւորապէս, եղած է հարց այն խօսակցութիւններու շուրջ, թէ Ծառուկեանը պիտի չի մասնակցի ընտրութիւններուն։

Ի պատասխան՝ Ծառուկեան ըսած է, որ անպայման պիտի մասնակցի, պիտի երթան «Առաջարկ Հայաստանին» ծրագիրով, իսկ ձեւաչափի մասին առաջիկայ օրերուն կը պատրաստուին յայտարարութիւն ընել, խոստացած է, որ հետաքրքիր լուծումներ պիտի ըլլան։

Աւարտին, Ծառուկեանը յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնած է բաց ու անկեղծ հարց տուողներուն ու բոլորը հրաւիրած է Քոնեակի գործարան։

 

Աղբիւրը՝ «tert.am»