Հըզպալլայի գլխաւոր քարտուղար Հասան Նասրալլան կտրականապէս հերքած է Հըզպալլայի մարտիկներու եւ փորձագէտներու ներկայութիւնը Ուքրանիոյ մէջ` ռուսական ուժերու կողքին կռուելու համար:
«Իմամ Մահտի» սկաուտներու հիմնադրման տարեդարձին առիթով, սայիտ Նասրալլա իր ելոյթին մէջ ընդգծած է, որ «Հըզպալլայէն ոչ ոք, ոչ որպէս մարտիկ, ոչ որպէս փորձագէտ, գացած է այս կամ պատերազմներէն որեւէ մէկ հրապարակ»:
Ան շարունակեց. «Պատերազմներու տուած դասերէն մենք պէտք է օգտուինք»:
Իսկ ուքրանական գլխաւոր շտաբը իր հաղորդագրութեան մէջ պնդած է, որ «առկայ տեղեկութիւններուն համաձայն` ռուսերը արդէն առած են 1000 կամաւոր Սուրիայէն եւ Հըզպալլայէն: Շտաբը կը պնդէր, որ «օտարերկրեայ գրոհայիններու հիմնական պայմանը քաղաքին մէջ մարտական փորձն է»:
«Ըստ տեղեկատուութեան` վերոնշեալ աքթիվիսթները նպատակ չունին մասնակցելու Ուքրանիոյ մարտերուն, այլ կ'օգտագործեն առեւտրական թռիչքները` որպէս եւրոպական երկիրներ մուտք գործելու հնարաւորութիւն», յաւելած է ան:
Նշենք, որ Մարտ 11-ին Ռուսաստանի նախագահը յայտարարեց, որ հաւանութիւն կու տայ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յատուկ գործողութեան մասնակցելու համար կամաւորներ ներգրաւելու գաղափարին: