image
Հրատապ լուրեր:

Հոլանտան Հայաստանի կողքին է

Հոլանտան Հայաստանի կողքին է

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցը Հոլանտա կարեւոր էր առաջին հերթին քաղաքական առումով՝ ցոյց տալու երկու երկիրներուն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Հոլանտան շփումներ եւ կապեր ունին ամենաբարձր՝ վարչապետերու մակարդակով: Հայաստանի եւ Հոլանտայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի առթիւ «Արմէնփրէս»-ին տուած հարցազրոյցին այդ մասին ըսած է ՀՀ-ի մէջ Հոլանտայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիքօ Սխերմերսը:

Ըստ դեսպանի՝ այցի ընթացքին նաեւ ընդգծուած է, որ Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռոթէն կ'աջակցի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ մարդու իրաւունքները ամրապնդելու անոր ջանքերուն:

«Անշուշտ, մենք նաեւ արձանագրած ենք Հայաստանի բարդ վիճակը վերջին տարիներու ընթացքին, և այդ ծիրէն ներս վարչապետ Ռոթէն կարեւոր ուղերձ յղեց հայ ռազմագերիները հայրենիք վերադարձնելու հարցի առնչութեամբ՝ շեշտելով, որ Հոլանտան Հայաստանի կողքին է եւ կ'ընէ ամէն ինչ գերիները վերադարձնելու համար», - աւելցուցած է դեսպան Նիքօ Սխերմերսը: