image

Չինաստան՝ Իսրայէլին հանդարտութեան կոչ ըրած է

Չինաստան՝ Իսրայէլին հանդարտութեան կոչ ըրած է

Չինաստանը կոչ ըրած է Թուրքիոյ եւ Իսրայէլին անյապաղ դադրեցնելու յարձակումները Սուրիոյ վրայ, յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Չինաստանի ներկայացուցիչի տեղակալ Կենկ Շուանկը։

«Մենք պէտք է խստօրէն պաշտպանենք Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: Սուրիոյ մէջ անվտանգային իրավիճակը կը շարունակուի մնալ անկայուն: Թուրքիան օդային հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ եւ յայտարարած, որ ցամաքային գործողութիւն պիտի իրականացնէ Սուրիոյ դէմ: Իսրայէլի օդային հարուածները նոյնպէս շարունակուած են Սուրիոյ դէմ»,- ըսած է Կենկ Շուանկը:

Անոր խօսքով՝ այս բոլոր գործողութիւնները կոպտօրէն կը խախտեն Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կրնան յանգեցնել սուրիական հակամարտութեան սրման ու տարածման։

«Չինաստանը կը յայտնէ իր խոր մտահոգութիւնը։ Մենք կոչ կ'ընենք Թուրքիոյ եւ Իսրայէլին անյապաղ դադրեցնելու անդրսահմանային յարձակումները, խուսափելու ցանկացած գործողութիւնէ, որ կրնայ սրել իրավիճակը եւ շարունակելու երկխօսութիւնը՝ համապատասխան խնդիրները լուծելու համար», - ընդգծած է Շուանկը։