image
Հրատապ լուրեր:

Հռոմի Լեւոն ԺԴ Պապը եւ Մերձաւոր Արեւելքը

Հռոմի Լեւոն ԺԴ Պապը եւ Մերձաւոր Արեւելքը

Անգարա.բացառիկ ընդունելութիւն եւ սպասումներ

Հռոմի Լեւոն ԺԴ Պապին վերջերս Թուրքիա  եւ ապա Լիբանան կատարած  այցելութիւններուն առընթեր, նկատելի դարձան բազմաթիւ պատգամներ։ Եթէ Թուրքիա տրուած այցը կրօնական եւ արարողակարգային էր, ապա  Հռոմի Պապին Պէյրութ կատարած շրջագայութիւնը ներառեց նաեւ որոշակի «քաղաքական» խորհուրդներ։

«Քաղաքական» բառը այստեղ դրի չակերտներու մէջ, որովհետեւ Վատիկանի լեզուին մէջ քաղաքական բնոյթի յայտարարութիւններ չեն գործածուիր։ Սուրբ Աթոռի համար առաջնայինը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կայուն եւ արդար խաղաղութեան մը հասնիլն  է՝ հիմնուած արդարութեան եւ համակեցութեան գաղափարներուն վրայ։

 Բաց աստի Պապի Թուրքիա կատարած այցելութեան ողջ  ընթացքին  երեւելի դարձաւ Անգարայի դրական եւ յարգալիր մօտեցումը  ուղղուած Պապին եւ   անոր պատուիրակութեան։ Թուրքիա, որ տարբեր առիթներով շեշտած է իր տարածքին վրայ դարերէ ի վեր ապրող քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու հանդէպ ներկայ կառավարութեան սիրալիր վերաբերմունքը, այս անգամ եւս նկատի առաւ Ֆրանչիսկոս Պապի ամիսներ առաջ հնչեցուցած այն խստաոճ  յայտարարութիւնները, որոնք կը դատապարտէին Իսրայէլի քայլերը Կազայի անզէն բնակչութեան հանդէպ։

Այս   ծիրէն ներս , նախագահ  Էրտողանի ղեկավարած իշխանութիւնը  համոզումը ունի, որ  Վատիկան պիտի շարունակէ պաշտպանել պաղեստինցի ժողովուրդի ի՛րաւ եւ վիրաւոր դատը՝ իբրեւ բարոյական ուժի մը ձայն։

 

Պէյրութ.  Այցելութեան առանցքը Մերձաւոր Արեւելքի տագնապլի իրավիճակն է 

 Անցեալ երեքշաբթի  օրը Պէյրութի ծովեզերեայ ճակատը (Մերձ՝ 2020  թուականին   մեծ  պայթումի մը թիրախը դարձած նաւահանգիստի գօտիին) վաղ առաւօտէն լեցուն էր  հազարաւոր  լիբանանցիներով (Քրիստոնեայ եւ իսլամ  բազմութեամ)։ Լիբանանի բանակը լայնածաւալ անվտանգային միջոցառումներ որդեգրած էր՝ փակելով մուտքի ճամբաները։

Լեւոն ԺԴ Պապը  Պատարագին ընթացքին  կը հրաւիրէր  «դադրեցնել յարձակումներն ու թշնամական գործունէութիւնները»՝ շեշտելով, թէ «զինեալ կռիւը երբեք լուծում չէ․ զէնքերը կը սպանեն, իսկ երկխօսութիւնը կը կառուցէ»։

Պապը իր քարոզին մէջ  կ՚ընդգծէր՝ 

• Միջին Արեւելքը  կարիքն ունի  մեծ   ճիգերու հիմնուած  նոր մօտեցումներու վրայ, որպէսզի յաղթահարէ բաժանումները եւ մերժէ  ատելութիւնը։ 

• Միջազգային հասարակութիւնը պէտք է աջակցի Լիբանանին եւ լսէ  անոր ժողովուրդի ձայնը։

• Քրիստոնեաները պէտք է «քաջութեամբ լեցուին» եւ միացնեն իրենց ուժերը, որպէսզի «այս հողը վերագտնէ իր  մօտիկ անցեալի փայլը»։

Ան  կ՚աւելցնէր նաեւ, որ խաղաղութեան իրական ճանապարհը  կը սկսի «սրտերու զինաթափութիւն»էն , կրօնական ինքնութեան  պարզացումէն  եւ միասնական Լիբանանի երազին վերակենդանացումէն։

«Մի՛ հիասթափուիք․ պահեցէ՛ք շնորհակալութեան ոգին», կ՚ընդգծէր Պապը՝ նշելով նաեւ, որ երկրի գեղեցկութիւնը մթագնած է աղքատութեամբ, տառապանքով, վերքերով, անկայունութեամբ եւ տնտեսական փլուզումով

 Իր այցելութեան   երրորդ եւ վերջին օրը , Պէյրութի օդակայանին կատարուած հրաժեշտի խօսքին մէջ Սրբազան Պապը կ՚օրհնէր ամբողջ Լիբանանը՝ ներառելով այն շրջանները, որ  չկային իր այցի «քարտէզ»ին մէջ։Թրիփոլի, Պեքաա,  եւ լիբանանեան հարաւ, որ կը գտնուի բարդ եւ անկայուն վիճակի մը  մէջ։

Ան  կ՚աւելցնէր նաեւ, որ խաղաղութեան իրական ճանապարհը  կը սկսի «սրտերու զինաթափութիւն»էն , կրօնական ինքնութեան  պարզացումէն  եւ միասնական Լիբանանի երազին վերակենդանացումէն։

«Մի՛ հիասթափուիք․ պահեցէ՛ք շնորհակալութեան ոգին», կ՚ընդգծէր Պապը՝ նշելով նաեւ, որ երկրի գեղեցկութիւնը մթագնած է աղքատութեամբ, տառապանքով, վերքերով, անկայունութեամբ եւ տնտեսական փլուզումով։

 

Լիբանանեան արձագանգ. Կարգ մը վկայութիւններ 

Պապի ներկայութիւնը լիբանանեան քաղաքական շրջանակներուն մէջ համընդհանուր գնահատանքի  արժանացաւ։

• Պատգամաւոր Ասհատ  Տըրղամ  նշեց, որ  Պապը «նոր շունչ» տուաւ երկրին եւ շեշտեց միասնականութեան կարեւորութիւնը։

• Պատգամաւոր Թոնի Ֆրանժիէ ըսաւ՝  «հանրային շահը պէտք է գերադասել անձնական շահերէն»։

• Պատգամաւոր Ֆէյսալ Քարամի՝ «Լիբանանը միշտ բաց է երկխօսութեան, բայց արտաքին ախորժակները կը սրեն վիճակը»։

•Իր կարգին Ներքին գործոց նախարար Ահմատ Հաժժար ըսաւ՝  «պիտի շարունակենք դիւանագիտական միջոցներով պաշտպանել  մեր երկրի կայունութիւնը»։

 

Այցելութենէն ետք՝  աշխոյժ նոր փուլ

Քաղաքական գնահատականները կը միտին հաստատել, որ Պապի այցելութենէն ետք Լիբանանը կրնայ մտնել նոր ճնշումներու փուլ՝ յատկապէս Իսրայէլի կողմէ։

Միաժամանակ Պէյրութ կը սպասէ ամերիկացի դեսպանորդ Մորկըն Օրթակիւսի այցելութեան,  որուն այցը  պէտք է դիտարկել   Ուաշինկթընի կողմէ նախաձեռնուած «դաշտային» նախաձեռնութիւններուն՝ լուծելու ներքին անվտանգային եւ սահմանային հարցեր, ինչպէս նաեւ հող պատրաստելու  Լիբանան-Իսրայէլ  համաձայնութեան  մը նախափուլին։

Այս ծրագիրներուն մէջ կը քննարկուի նաեւ որոշ տարածքներու ՝ յատկապէս Պեքաայի մէջ, քաղաքացիական տուներու խուզարկութեան հարցը, որ կրնայ լուրջ լարում յառաջացնել՝  խոցելով   երկրի հասարակութեան չափազանց զգայուն դարձած ջիղերը։ 

Արաբական եւ միջազգային վերջին ջանքերը դեռ չեն յաջողած մեղմել լարուածութիւնը, որովհետեւ Իսրայէլի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ, եւ Թէլ Աւիւ կը դիտէ լիբանանեան թղթածրարը իբրեւ իր անվտանգութեան հիմնական շրջանակի կարեւորագոյն տարրը։ 

Ներքին մակարդակի վրայ, Լիբանանի բանակը կը պատրաստուի ներկայացնելու զեկոյց մը, որ պիտի սահմանէ իր դերակատարութիւնը   Լիթանի գետի  հարաւային ափին մէջ։

Զեկոյցը կրնայ դառնալ քաղաքական  նոր իրականութեան մը ազդարարիչը  դառնալ, որովհետեւ անիկա կը մատնանշէ դաշտային իրական վիճակը, զոր միջազգային շրջանակները երկար ժամանակէ ի վեր կը փորձեն վերահսկելի ուղղութեան մը տանիլ։

Բանակին զեկուցուած վերլուծումը կը ներառէ հետեւեալ առանցքային կէտերը․

• Հարաւային սահմանային գօտին կը մնայ անկայուն եւ ենթարկուող անընդհատ սրացումներու։

• Լիբանանեան գիւղերը եւ բնակչութիւնը կը շարունակեն կրել սահմանային սրացումներու ծանր հետեւանքները։

• Բանակը կը շեշտէ, որ առանց համապարփակ դիւանագիտական միջամտութեան, ոչ մէկ անվտանգային ծրագիր կրնայ կայունացում բերել։

Այս զեկոյցը, ըստ լիբանանեան աղբիւրներու, պիտի վերածուի հիմնական փաստաթուղթի մը, զոր Լիբանան պատրաստ է ներկայացնելու միջազգային միջնորդներուն՝ յատկապէս ՄԱԿ-ի եւ ամերիկեան կողմին։

Դասական բառերով՝ Լիբանանը կը փորձէ փաստագրել իր դիրքորոշումը, նախքան որեւէ նոր ճնշում, պահանջ կամ «առաջարկ» ներկայացուի արտաքին ուժերու կողմէ։

 

Լիբանանի քաղաքական բեմը՝ սպասումի եւ մտահոգութեան միջեւ 

Պապի այցելութենէն ետք, լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւնը կը գտնուի երկու մեծ տրամադրութիւններու ճամբեզրին

1. Յուսադրութիւն, որ միջազգային ուշադրութիւնը նոր նեցուկ մը պիտի հանդիսանայ երկրի խորացած  ճգնաժամերուն լուծման ուղղութեամբ։

2. Աստիճանաբար աճող մտահոգութիւն, որ Պապի այցելութիւնը կրնայ աւելցնել արտաքին ճնշումները՝ յատկապէս սահմանային գօտիներուն վերաբերող բանակցութիւններուն մէջ։

Հանրային կարծիքը եւս բաժանուած է։

Մի կողմէն՝ Լիբանանի ժողովուրդը կ՚ողջունէ համաշխարհային  ներուժով կրօնական առաջնորդի մը այցը եւ լիբանանցիներուն ուղղուած  յուսադրիչ  ուղերձները։

Միւս կողմէ՝ նոյն եռանդով կը բարձրանան ձայներ, որոնք կը վախնան, որ այցը կը գործածուի իբրեւ «քաղաքական ազդանշան»՝ նախապատրաստելու նոր նախաձեռնութիւններ՝ որոնք կրնան ներքին լարումը մեծցնել։

 

Արաբական աշխարհը, յատկապէս Քաթար, Եգիպտոս եւ Յորդանան, կը փորձեն իրենց միջնորդութիւնը վերանորոգել, սակայն մինչեւ այժմ քարոզուած նախաձեռնութիւնները չեն յանգած շօշափելի արդիւնքի։

Գրաւոր  հաղորդակցութիւններու մէջ արաբական կողմերը կը շեշտեն, որ առանց Իսրայէլի դիրքորոշման փոփոխութեան, բոլոր ջանքերը պիտի շարունակեն մնալ սահմանափակ։

Իսկ Իսրայէլի դիրքորոշումը կը մնայ անկոտրում։

Թէլ Աւիւի համար Լիբանանի հարցը շարունակ կը դիտուի իբրեւ անվտանգային առաջնահերթութիւն, եւ ոչ թէ քաղաքական կամ մարդասիրական խնդիր։

Այս կը նշանակէ, որ սահմանային արկածախնդրութիւնները կրնան շարունակուիլ, եւ որ բանակցութիւններուն ընթացքը պիտի պայմանաւորուի միայն Իսրայէլի ներքին հաշուարկներով։

 

Լիբանան՝ նոր հանգրուանի դիմաց

Լեւոն ԺԴ Պապի այցելութիւնը Լիբանան առայժմ աւելի հարցեր ծնած է, քան պատասխաններ։

Այնուամենայնիւ, այցը դարձած է կարեւոր առանցք մը՝ միջազգային, արաբական եւ ներքին շրջանակներու համար։

Պապը բերաւ խաղաղութեան, արդարութեան, համերաշխութեան եւ հոգեկան զօրացման պատգամ՝ բայց նաեւ բացաւ դուռ մը նոր քննարկումներու, որոնք կրնան լուրջ ամպեր բերել երկնքին վրայ։

Լիբանանը այսօր կը գտնուի նուրբ, բարակ եւ բազմաշերտ հանգրուանի մը մէջ, ուր ամէն որոշում կրնայ վտանգաւոր  կերպով սրել կայացած անկայունութիւնը։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...