21 Սեպտեմբերին, ժամը 19:20-ին ահազանգ ստացուած է հրդեհ բռնկելու մասին՝ Գառնի գիւղէն Խոսրովի արգելոց տանող ճանապարհին։
ԱԻՆ-էն «Արեւելք»-ին յայտնած են, որ դէպքի վայր մեկնած են Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարարական ծառայութեան մարզային փրկարարական վարչութիւններու հինգ խումբ, հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն չորս մարտական հաշուարկ եւ Փրկարարական ուժերու վարչութեան յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի փրկարարական ջոկատներէն վեց խումբ։
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան հաղորդմամբ, հրդեհը մեկուսացուած է 22 սեպտեմբերին, ժամը 07։31-ին։
Ըստ նախնական տուեալներու՝ համայնքային տարածքին մէջ կ'այրին մօտ 40 հեքթար խոտածածկոյթ եւ թուփեր, իսկ «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցի «Եղնիկի դուրան» կոչուող հատուածին մէջ՝ մօտ 1.5 հեքթար խոտածածկոյթ եւ 25 ծառ։