image
Հրատապ լուրեր:

Հօրս առեւանգման փաստով ձերբակալուեցաւ ԱԺ նախկին պատգամաւորը. Խաչատուր Քոքոբէլեան

Հօրս առեւանգման փաստով ձերբակալուեցաւ ԱԺ նախկին պատգամաւորը. Խաչատուր Քոքոբէլեան

Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Խաչատուր Քոքոբէլեանի հօր` Գրիշա Քոքոբէլեանի առեւանգման գործով ձերբակալուած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամ, ԱԺ նախկին պատգամաւոր Սուրէն Մանուկեանը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Խաչատուր Քոքոբէլեանը։

«Հօրս առեւանգման փաստով քիչ առաջ ձերբակալուեց ԱԺ նախկին պատգամաւոր Սուրէն Մանուկեանը ու եւս 2 յանցակից, նոյն գործով կայ եւս 2 ձերբակալուած արտերկրում: Նշեմ նաեւ, որ տուեալ անձանց ո՛չ ես, ո՛չ էլ իմ ընտանիքի անդամները չենք ճանաչել եւ որեւէ առնչութիւն երբեւէ չենք ունեցել»,- Դիմատետրեան իր էջին գրած է ան։

Քոքոբէլեանը նշած է, որ ՀՅԴ իր գործընկերներէն յստակ գնահատական կ'ակնկալէ:

Յիշեցնենք` 28 յուլիսին յայտնի դարձաւ, որ անհետացած է ԱԺ նախկին պատգամաւորի հայրը։ Անոր անհետացման դէպքի առիթով ՀՀ քննչական կոմիտէի Տաւուշի մարզային քննչական վարչութենէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

Աչաջուր գիւղի բնակիչ 83-ամեայ Գրիշա Քոքոպէլեանը, դուրս եկած է տունէն եւ չէ վերադարձած։