ՀՕՄ-ի Գանատայի մարմինը օրերս օժանադակութիւններ հասցուցած է բռնագաղթուած արցախցի մեր հայրենակիցներուն։
Նշենք, որ աւելի վաղ եւս Գանատայի Հայոց Թեմը հանդէս եկած էր նոյնատիպ նախաձեռնութեամբ մը փութալով օգնութեան՝ արցախցիներուն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի մարմնի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Մեր ղրկած բաճկոնները, վերարկուներն ու մարզական տարազները յանձնուեցան գաղթական արցախցիներու։