image

ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան տօնին ՝մտերմիկ ընթրիք Հալէպի մէջ

  ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան տօնին ՝մտերմիկ ընթրիք Հալէպի մէջ

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան  դիմատետրի էջէն կը կարդանք՝

 

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Երեքշաբթի, 30 Նոյ. 2021-ին, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 103-րդ ամեակին առթիւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը մտերմիկ ընթրիք մը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանեկան պարտէզէն ներս, ներկայութեամբ միութեան հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեանի, պատկան մարմինի ներկայացուցիչ եղբ. Վրէժ Եագուպեանի, Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդին, Հալէպի Վարչութեան, Սկաուտ Խորհուրդին, խմբապետական կազմին եւ երէց շքանշանակիր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու։ Քոյր Լիլիթ Տոլմօղլեան - Փայասեան եւ եղբ. Նազօ Խաչոյեան բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն, այնուհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան փոխանցեց Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան խօսքը: Հալէպի վարչութեան ջերմ մաղթանքները արտասանեց եղբ. Ալեքսան Պալեանը։ 

Երէց եղբայրները խօսք առնելով նոյնպէս շնորհաւորեցին ներկաները միութեանս 103-րդ ամեակին առթիւ եւ բարի երթ մաղթեցին նոր սերունդին։ Երեկոն ճոխացաւ ազգային, յեղափոխական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական երգերով, ապա Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Աւարտին քահանահայրը իր պատգամը տուաւ ներկաներուն եւ <<Պահպանիչ>>ով փակեց օրուան յայտագիրը։