image

ՀՀ ԱԳՆ–ի շէնքի մօտ բախումներ սկսած են. ոստիկանները բերման ենթարկած են քաղաքացիներ

ՀՀ ԱԳՆ–ի շէնքի մօտ բախումներ սկսած են. ոստիկանները բերման  ենթարկած են քաղաքացիներ

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի մօտ իրավիճակը չափազանց լարուած է։ Բախումներ սկսած են ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ։

Ոստիկանութիւնը փորձեց ցրել ԱԳՆ շէնքի դիմաց բողոքի ցոյցը։ Բերման ենթարկեց քաղաքացիներ։

Ոստիկանութիւնը հաւաքի մասնակիցներուն զգուշացուցած էր, որ ԱԳՆ շէնքը կը համարուի յատուկ պահպանուող տարածք։ Բագրատ սրբազանը կրկին յայտարարած է՝ մուտք պիտի գործեն ԱԳՆ շէնք։

Որոշ ժամանակ անց իրավիճակը լարուեցաւ։ Իրաւապահները սկսան բերման ենթարկել մարդոց։ Շէնքի մօտ ոստիկանական նոր ուժեր բերուած են։