Պաւրա գիւղի մօտ այսօր՝ 11 յուլիսին, երրորդ երկրաշարժը գրանցուած է:
11 Յուլիսին, տեղական ժամանակով ժամը 10:14-ին (Կրինիչի ժամանակով ժամը 06:14-ին) ՀՀ ԱԻՆ երկրաշարժական պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 41․19⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 43․93⁰ աշխարհագրական չափագրումներով (Վրաստան-Հայաստան սահմանային գօտի` Պաւրա գիւղէն 13 քմ հիւսիս-արեւելք), օճախի 10 քմ խորութեամբ, 2․8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱԻՆ լրատուական ծառայութիւնը։
Երկրաշարժի կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 3-4 բալ:
Երկրաշարժը զգացուած է Շիրակի մարզի Պաւրա, Սարագիւղ, Ղազանչի եւ Թաւշուտ գիւղերուն մէջ՝ 3 բալ ուժգնութեամբ։
Աւելի վաղ ԱԻՆ-էն յայտնած էին, որ այսօր, նոյն շրջանին մէջ, տեղական ժամանակով ժամը 07:36-ին եւ 09:10-ին, պարբերաբար երկրաշարժներ գրանցուած են, որոնց ժամանակ երկրաշարժի կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը եղած է աւելի զօրաւոր՝ կազմած է 6 եւ 5 բալ: