image

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը այսուհետեւ երկու հատորով

 Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը այսուհետեւ երկու հատորով

Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի  մամլոյ դիւանէն  վերահասու կը դառնանք, որ  յետ այսու  Համալսարանի Հայագիտական  տարեգիրք-հանդէսը  պիտի հրատարակուի տարին երկու  հատորով։ 

Կը ներկայացնենք  այս առթիւ  տարածուած հաղորդագրութիւնը.

Գոհունակութեամբ կը յայտնենք թէ նկատի առնելով որ արտասահմանէն թէ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններէն, հայ եւ ոչ-հայ ուսումնասէրներու կողմէ  Հայկազեան hայագիտական hանդէսին առաքուած գիտական բարձրորակ հետազօտութիւնները մեծապէս աւելցած են, Հանդէսի խմբագրութիւնը, Հայկազեան Համալսարանին տնօրէնութեան հետ համամտութեամբ, որդեգրեց տարեկան երկու գիրք հրատարակելու որոշումը: 

Հետեւաբար, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի իւրաքանչիւր հատոր այսուհետեւ լոյս պիտի տեսնէ երկու գիրքով:

1970 թուականէն հրատարակուիլ սկսած Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը ցարդ հրատարակած է 41 հատոր, աւելի քան 22,000 էջ հայագիտական նիւթ, 1420 յօդուած, շուրջ 700 աշխատակիցներու միջոցով:

Հանդէսը զուտ հայագիտական բնոյթ ունի եւ կը հրատարակէ հայութեան անցեալին եւ ներկային, Սփիւռքին, Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններուն կենսագործունէութեան առնչուող գիտահետազօտական նիւթեր: