image

Հայկազեան համալսարանը միշտ պատնէշի վրայ.Երեւանի մէջ հատորներու ներկայացում (Լուսանկարներ)

Հայկազեան համալսարանը միշտ պատնէշի վրայ.Երեւանի մէջ հատորներու ներկայացում (Լուսանկարներ)

 «Արեւելք»,Երեւան. Երեւանի մէջ այսօր հանգամանաւոր կերպով ներկայացուեցան Պէյրութի Հայկազեան նախաձեռնութեամբ հրատարակուած հատորները։

 Հանդիսութեան ընթացքին խօսքերով հանդէս եկան Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Փօլ Հայտոսթեան, Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական կեդրոնի տնօրէն ՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, Ակադեմիայի տնօրէն Դոկտ. Եուրի Սուվարեան, Ակադեմիայի Ակադիմայի աշխատակիցներ արեւելագէտներ՝ Լիլիթ Յարութիւնեան, եւ Արաքս Փաշայեան։

 Իր խօսքին մէջ ներկայացնելով այսօրուան մարտահրաւէրները Վեր. Դոկտ. Հայտոսթեան նշեց, որ Հայկազեան Համալսարանին համար, ինչպէս երէկ այսօր եւս ուշադրութեան կիզակէտ կը համարուի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները եւ համալսարանը իր ամբողջական ներուժով լծուած է այդ առաքելութեան։

 Ան նաեւ շնորհակալութեան խօսք յղեց Հայաստանի գիտական-ակադեմական շրջանակներուն, որոնք ոչ միայն դրական գնահատած են իրենց աշխատանքը, այլ կարելի եղած բոլոր միջոցներով սատար կանգնած են Համալսարանի բոլոր նախաձեռնութիւններուն։

Իր կարգին Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, խօսք առնելով հանգամանալից կերպով ներկաներուն ներկայացուց անցնող տաս տարիներու Հայկազեան Հայագիտական Կեդրոնի գործունէութիւնը, ու մանրամասն կերպով թուարկեց Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովները, գիտաժողովներուն ընթացքին արծարծուած թեմաները, ինչպէս նաեւ այդ հանդիպումներուն ընթացքին հնչած ելոյթները, անշուշտ վեր առնելով մասնակից գործիչներուն արժէքաւոր ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը։

 Հանդիսութեան ընթացքին հնչեցին խօսքեր եւ ներկաներէն շատեր իրենց սրտի խօսքը յղեցին նախաձեռնութեան տէր հանդիսացող Հայկազեանի մեծ ու փոքր ընտանիքին։ Այդ խօսքերուն մէջ ուրոյն էր Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր Տնօրէն Տիար Զաւէն Խանճեանի խօսքը, որ նկատել տուաւ, թէ հակառակ այսօր տիրող բարդագոյն պայմաններուն Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնն ու հայկական համայնքները պիտի շարունակեն իրենց պատմակշիռ դերն ու ներկայութիւնը։

 Նշենք նաեւ, որ միջոցառման աւարտին Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան Լիբանանի մէջ հրատարակուած հատորներէն օրինակներ նուիրեց Ակադեմիայի նորանշանակ տնօրէն՝Ռոպէրթ  Ղազարյանին,   որն իր կարգին շնորհակալութիւն  յայտնելով նշեց, որ հատորները տրամադրելի պիտի ըլլան  Ակադեմիայի    գրադարանի բոլոր ընթերցողներուն։

 «Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ 2015 թուականէն սկսեալ Հայկազեան համալսարանի տքնաջան ճիգերով կարելի եղաւ յատուկ գիտաժողովներ իրականացնել, ուր հերթաբար ներկայացուեցան Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Եգիպտոսի, Իրաքի  եւ այլ հայագաղութները։