image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանին կոչ կ՚ընենք վերացնելու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման խոչընդոտները. Պայրամով

Հայաստանին կոչ կ՚ընենք վերացնելու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման խոչընդոտները. Պայրամով

Պաքուն Երեւանին կոչ ըրած է վերացնելու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման խոչընդոտները. այս մասին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանի շրջածիրէն ներս կայացած Ապագայի գագաթնաժողովին յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գոծոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը: 

Պայրամով յայտարարած է, թէ Պաքուն Երեւանին առաջարկած է խաղաղութեան հաստատման օրակարգ՝ հիմնուած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման եւ յարգանքի վրայ:

«Հիմնուելով երկկողմ բանակցութիւններու ընթացքին ձեռք բերուած առաջընթացի վրայ՝ մենք կոչ ըրած ենք վերացնելու մնացած խոչընդոտները եւ ընդգծած ենք անհրաժեշտ քաղաքական կամքի եւ պատասխանատւութեան դրսեւորման կարեւորութիւնը»,- նշած է Պայրամով։

Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանը բախած է միջազգային իրաւունքի խախտումներու հետեւանքներու հետ, ուստի լիովին կ՚աջակցի գագաթնաժողովի՝ միջազգային իրաւունքի նորմերու խիստ պահպանման կոչին:

Նշենք, որ պաշտօնական Պաքուն խաղաղութեան պայմանագրի գլխաւոր խոչընդոտ կը համարէ ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ «Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու» առկայութիւնը: