Հայաստանի մէջ Դեկտեմբեր 15-ի դրութեամբ «Քորոնա»ի «Օմիքրոն» տարբերակը չէ յայտնաբերուած: Այս մասին նշեցին ՀՀ Առողջապահութեան նախարաութեան Հիվանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնէն, շեշտելով, որ Հայաստանի մէջ վարակի տարբերակներու նոյնականացման հետազօտութիւնները պարբերական բնոյթ կը կրեն:
«Քորոնա»ի «Օմիքրոն» տարբերակը յայտնաբերուած է աշխարհի 70-է աւելի երկիրներու մէջ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը իր անհանգստութիւնը յայտնած է՝ նշելով, որ տարածուածութեան վտանգը բաւական բարձր է: