ՀՀ վիճակագրական կոմիտէն 3 Սեպտեմբերին, հրապարակեց այս տարուայ 8 ամիսներու սպառողական ապրանքներու գիներուն մասին պաշտօնական տուեալները, որոնց համաձայն՝ ապրանքներու գիները կը շարունակեն աճիլ։ 2021 թուականի Յունուար-Օգոստոս ամիսներուն, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակամիջոցին համեմատ, ապրանքներու գիները աճած են 6,4 տոկոսով, իսկ սննդամթերքի գիները՝ 9,3 տոկոսով։ Սա այն պարագային, երբ միջին աշխատավարձը աճած է 5,7 տոկոսով, այսինքն՝ անցեալ տարուայ ցած աշխատավարձով մարդիկ աւելի շատ ապրանքներ կրնային գնել, քան այս տարուայ «բարձրացած» աշխատավարձով։
Իրավիճակը աւելի մտահոգիչ է թոշակառու եւ նպաստառու ընտանիքներու պարագային, որոնց եկամուտները հիմնականին չեն աւելցած։ Այս պայմաններով աղքատութեան մակարդակը, պակսելու փոխարէն հետզհետէ կ'աճի։
Ի դէպ, վերջին ամիսներու ընթացքին գիներու բարձրացումը արձանագրուած է դրամի արժեւորման զուգահեռ, այսինքն՝ ապրանքներու գիները իջնելու փոխարէն աւելի բարձրացած են, ինչ որ եւս մէկ անգամ կը փաստէ, որ ՀՀ կեդրոնական դրամատունը չի կրնար կառավարել գնաճը, իսկ մրցակցութեան յանձնաժողովի հրապարակած գիներու իջեցման մասին տուեալները իրականութենէն հեռու են։