image

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը այցելած է Մեղրի 

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը այցելած է Մեղրի 

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին այցելած է Մեղրի, ուր հանդիպում ունեցած է քաղաքապետ Խաչատուր Անդրէասեանի հետ։ 

Այս մասին Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը գրառում կատարած է X-ի իր էջին։

«Մեղրի քաղաքն՝ Արաքսի ափին, կը գտնուի Իրանի հետ սահմանին։ Այն քանի մը ամիս առաջ քոյր քաղաք դարձած է Ֆրանսայի Պրոն քաղաքի հետ:  

Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը կը տարածուի ողջ երկրով մէկ։ 

Շնորհակալութիւն քաղաքապետ պարոն Խաչատուր Անդրէասեանին ընդունելութեան համար»,-նշուած է դեսպանի գրառման մէջ։