image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան կարգավիճակի վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրուեցաւ

Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան կարգավիճակի վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրուեցաւ

Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուեցաւ ՀՀ-ի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան կարգավիճակի վերաբերեալ համաձայնագիր: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ համաձայնագիրը ստորագրեցին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեանը եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոսը:

«Առաջին հերթին կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ փետրուարէն այս առաքելութիւնն ընդունելու համար: Այս առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ արդէն շատ բան առաջարկած է կայունութեան, անվտանգութեան առումով: Կարգավիճակի մասին համաձայնագիրը, որ մենք այսօր ստորագրեցինք, պիտի օգնէ աւելի իրաւական որոշակիութիւն մտցնել, երբ խօսքը կը վերաբերի երկրի մէջ առաքելութեան ներկայութեան տարբեր իրաւունքներու, պարտաւորութիւններու կարգաւորման»,-ըսած է Եւրոպական Միութեան դեսպանը:

Ինչ կը վերաբերի առաքելութեան ընդլայնման, ապա այդ հարցը որոշուած է քանի մը օր առաջ Պրիւքսէլի մէջ: Եւրոմիութեան արտաքին գործոց նախարարները հաւանութիւն տուած են Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնն ընդարձակելու առաջարկին։

«Մենք պատրաստ ենք առաջ շարժելու եւ աւելի ամրապնդելու առաքելութեան ներկայութիւնը երկրին մէջ՝ նպաստելու կայունութեան եւ դիտորդութիւն իրականացնելուն սահմանի հայկական կողմին մէջ եւ տեսնելու, թէ ինչ կ՚իրականացուի»,-ըսած է Մարակոսը:

Պարոյր Յովհաննիսեանն ալ յստակեցուցած է՝ այս պահուն մանթատի փոփոխութեան մասին դեռ վաղ է խօսիլ, խօսքը քանակի աւելացման, կարողութիւններու ուժեղացման մասին է․ «Երրորդ կողմերից Կանադան է միացել առաքելութեանը, կայ հետաքրքրութիւն այլ երկրներից եւս»,-ըսած է փոխնախարարը:

Յովհաննիսեանի խօսքով՝ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան կարգավիճակի վերաբերեալ համաձայնագիրը պէտք է նպաստէ ատոր գործունէութեան աւելի արդիւնաւէտ իրականացման․ «Խօսքը դիտորդների համար դիւրին պայմաններ ստեղծելու մասին է՝ սկսած առողջապահութիւնից մինչեւ տեխնիկական խնդիրներ: Դա նման է այն լիազօրութիւններին, որոնք ունեն դիւանագէտները իւրաքանչիւր երկրում»,-ըսած է փոխնախարարը: