image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը իր քաղաքացիներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար կամաւորներ կը հաւաքագրէ

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը իր քաղաքացիներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար կամաւորներ կը հաւաքագրէ

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ նշուած է, որ կամաւորներ կը հաւաքագրեն արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած ԱՄՆ քաղաքացիներ յայտնաբերելու, դուրս բերելու ու վնասուածքներու մասին հաղորդումներ տալու համար։

Համայնքային կապի կամաւորէն կը պահանջուի հասանելի դարձնել ԱՄՆ քաղաքացիներու համար վարչական տեղեկատուութիւնները, տեղեկութիւն տրամադրել նաեւ անոնց թաղամասերուն մէջ կատարուող իրադարձութիւններու վերաբերեալ, արտակարգ իրավիճակներու մէջ օգնել անհետ կորած ամերիկացիներուն կամ այցելել ԱՄՆ քաղաքացիերուն բանտին մէջ, հիւանդանոցին մէջ եւ այլն։

Կամաւորներու աշխատանքի մէջ կը ներառուին հետեւեալ կէտերը.

Համայնքային կամաւորներու տարածքին մէջ բնակող ԱՄՆ քաղաքացիներու հեռախօսահամարներու եւ հասցէներու (ներառեալ ել-նամակի հասցէներու) ցուցակի պատրաստում, թարմացում եւ պահպանում:

Աջակցիլ ԱՄՆ դեսպանատան Ամերիկայի քաղաքացիներու սպասարկման բաժնին հաւաքման վայրերու եւ շարժման ուղիներու ընտրութեան հարցով:

Կամաւորները կրնան նաեւ կատարել որոշ գործառոյթներ դեսպանատան անունով՝ օգնելու դժուարութեան մէջ գտնուող ամերիկացիներուն:

Օրինակ, եթէ հիւպատոսական բաժինը հաղորդում կը ստանայ, որ ամերիկացի մը վիրաւորուած է մայրաքաղաքէն հեռու, ապա հիւպատոսական բաժինը կրնայ խնդրել տարածքին մէջ գտնուող կամաւորէն այցելել հիւանդանոց գտնուող վիրաւորին եւ զեկուցել անոր վիճակի մասին: