Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ առանձնապէս յառաջընթաց չկայ:
«Չեմ կրնար ըսել, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ որոշակի յառաջընթաց կայ: Այդուհանդերձ, կան որոշակի ուղերձներ, կան քննարկումներ», ըսած է ատրպէյճանցի նախարարը:
Անոր խօսքով` Հայաստանի մէջ այս հարցով տարբեր կարծիքներ կան: Ըստ Պայրամովի` հայ հասարակութեան մէջ ռեւանշիստական կոչեր կան, կան նաեւ անկէ տարբերող կարծիքնըր:
«Բայց մենք կը կարծենք, որ այս ծիրին մէջ հայ հասարակութեան մէջ որոշակի փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են: Կը կարծեմ, որ բոլորը պէտք է հասկնան, որ երկարաժամկէտ խաղաղութիւնն ու տարածաշրջանի զարգացումը այլընտրանք չունին», յաւելած է Ադտրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը: