image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան կ'այցելէ ԱՄՆ քոնկրեսական պատուիրակութիւն՝ ծերակուտական Կերի Փիթըրսի գլխաւորութեամբ

Հայաստան կ'այցելէ ԱՄՆ քոնկրեսական պատուիրակութիւն՝ ծերակուտական Կերի Փիթըրսի գլխաւորութեամբ

ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը կ'ողջունէ ծերակուտական Կերի Փիթըրսի (դեմոկրատ, Միչիկըն նահանգ) գլխաւորած քոնկրեսական պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ։

Կը հաղորդուի, որ սեպտեմբեր 22-25-ը Հայաստան կատարած այցի ընթացքին ծերակուտական Կերի Փիթըրսը պիտի հանդիպի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի, արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեանի  եւ այլ շահագրգիռ անձանց հետ՝ քննարկելու  հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վրայ Ատրպէյճանի վերջին ռազմական գործողութիւններու ազդեցութիւնը։

Ծերակուտական Փիթըրսը ծաղկեպսակ պիտի դնէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին մէջ։

Ան նաեւ պիտի մեկնի Սիւնիք՝ հանդիպելու տեղի պաշտօնատար անձանց եւ քննարկելու անվտանգային եւ մարդասիրական մարտահրաւէրները։