image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան եւ Ատրպէյճան մօտ են խաղաղութեան. Ամերիկացի պաշտօնատար

Հայաստան եւ Ատրպէյճան մօտ են խաղաղութեան. Ամերիկացի պաշտօնատար

Մենք կը կարծենք, որ, հակառակ այլ երկիրներէ հնչող որեւէ մեկնաբանութեան, որոնք այս հարցով կողմեր ​​չեն, խաղաղ համաձայնագիրը (Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ - խմբ.) կը մնայ հասանելութեան սահմաններու մէջ: Այս մասին ըսած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մեթիու Միլլըր ճեպազրոյցի ժամանակ։

«Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ կողմերու հետ՝ ատոր հասնելու համար։ Մենք ուղղակիօրէն շփուած ենք այս երկիրներու հետ»,- նշած է ան:

Միլլըր յիշեցուցած է, որ անցեալ շաբաթ Արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ ներկայացուցիչ Լուի Պոնօն այցելած է տարածաշրջան եւ անմիջականօրէն շփուած կողմերու հետ։