image
Հրատապ լուրեր:

Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարքի հովուական այցը դէպի Աւստրալիա. Հանդիպում հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ

Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարքի հովուական  այցը դէպի Աւստրալիա. Հանդիպում  հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ


Մեծ ոգեւորութեամբ կը շարունակուի  Հայ Կաթողիկէ համայնքի պետ  Տ. Ռաֆայէլ ԻԱ Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքի հովուական այցը դէպի Աւստրալիա։

Այս ծիրին մէջ Պատրիարք հայրը ա հանդիպում ունեցած է  Աւստրալիոյ Հայկական Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ  «Ռատիօ Վատիկան»ի  հայկական բաժանմունքէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Աւստրալիա կատարած հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը աւարտելէ ետք Մելպուրնի հանգրուանը, չորեքշաբթի 27 Յուլիսին, իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին, վերադարձաւ Սիտնէյ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ մի քանի ընտանիքներուն հետ, ապա Սիտնէյի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ ընդունեցաւ Սիտնէյի հայկական կազմակերպութիւններ` ՀՅԴ, Հ.Օ.Մ, Համազգային եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ատենապետերու եւ ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը։

Աւստրալիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովիւ Հայր Բարսեղ Սուսանեանի եւ Հայր Նարեկ Մնոյանի մասնակցութեամբ բարեկամական մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ զրուցակիցներուն անդրադառնալու Հայաստանին դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն մասին, ու քննարկելու Լիբանանը եւ լիբանահայութիւնը յուզող հարցեր, յատկապէս Երկրին այսօր ապրած ճգնաժամային ժամանակաշրջանի ծիրէն ներս։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հանդիպեցաւ Սիտնէյի Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Անոնք համաձայն գտնուեցան, որ այսօր աւելի քան երբեք հրամայական է, աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբումը, միասնական համագործակցութիւնը, դիմագրաւելու ու յաղթահարելու համար բոլոր դժուարութիւնները, հաւատարիմ մնալով պապենական հաւատքին ու կառչած` Ազգային Ինքնութեան։

Հանդիպման աւարտին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Արմինիա Միտիա» կայանին հետ։